ՔՈՒԷՅԹ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունուար 15ին, Քուէյթի մէջ տեղի ունեցած սուրիացի գաղթականներու նուիրատու երկիրներու ժողովին մասնակցեցան բազմաթիւ երկիրներէ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Իրան սուրիական տագնապի լուծման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունի, եւ՝ «մենք «Ժընեւ-2»ին Իրանի մասնակցութեան ուժեղ կերպով կը զօրակցինք»: Ան աւեցուց. «Մէկ տարի առաջ, երբ հոս հանդիպում ունեցանք, Սուրիոյ մէջ կացութիւնը շատ վտանգաւոր էր, եւ ահա այսօր մարդկային ու շրջանային տագնապ մը կը դիմագրաւենք: Լիբանանը, Յորդանանը, Թուրքիան, Իրաքը եւ Եգիպտոսը աւելի քան երեք միլիոն սուրիացի կը պատսպարեն, իսկ Սուրիոյ բնակչութեան կէսը, այսինքն՝ շուրջ 9 միլիոն հոգի, օժանդակութեան կարիք ունի»:
43 նուիրատու երկիրներ Սուրիոյ համար աւելի քան 2.4 միլիառ տոլար խոստացած են, մինչ ՄԱԿը կոչ ըրած էր 6.5 միլիառ տոլար գոյացնելու՝ յիշեցնեով, որ անցեալ տարի նման ժողովի մը ընթացքին խոստացուած 1.5 միլիառին միայն 70 տոկոսը ՄԱԿին հասած էր:
Գլխաւոր նուիրատուն էր ժողովը հիւրընկալող Քուէյթը՝ 500 միլիոն տոլարով, իսկ Միացեալ Նահանգները 380 միլիոն տոլար խոստացաւ: Եւրոմիութիւնը 225 միլիոն տոլար խոստացաւ, իսկ Բրիտանիան՝ 165 միլիոն տոլար: Նաեւ, Սէուտական Արաբիա ու Քաթար՝ իւրաքանչիւրը 60 միլիոն տոլար խոստացաւ:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտարարեց, որ Սուրիոյ պատերազմը Յորդանանի եւ Լիբանանի նման երկիրներու վրայ կը ճնշէ եւ «մեզ բոլորս կը հետաքրքրէ»՝ յիշեցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր Ուաշինկթընի օժանդակութիւնները հասած են աւելի քան 1.7 միլիառ տոլարի: «Կը խոստանանք տագնապին վերջ տալ՝ դիւանագիտական լուրջ աշխատանքի ճամբով», ըսաւ Քերի:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաուատ Զարիֆի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ասատ զգուշացուց, որ ուահապական գաղափարները սկսած են ոչ միայն շրջանի երկիրները, այլեւ ամբողջ աշխարհը վտանգելու: Ան ըսաւ, որ սուրիացիները եւ շրջանի կարգ մը ժողովուրդներ այլեւս կը գիտակցին ուահապական գաղափարաբանութեան վտանգին եւ բոլորը պէտք է օժանդակեն անոր դէմ պայքարին ու անոր արմատախլման:
Զարիֆ, իր կարգին յայտնեց, որ Իրան մարտահրաւէրներու դիմագրաւման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ շրջանին մէջ ապահովութեան հաստատման ի խնդիր, նախանձախնդիր է շրջանի երկիրներու ջանքերը միացնելու: Ան ըսաւ, որ սուրիական տագնապին լուծումը սուրիացիներուն միջեւ պէտք է ըլլայ եւ որ անոնք միայն իրաւունք ունին իրենց ապագան ճշդելու: Զարիֆ ընդգծեց նաեւ, թէ Իրան Սուրիոյ ղեկավարութեան ու ժողովուրդին կ՛աջակցի եւ կը ջանայ «Ժընեւ-2»ին յաջողութիւնը ապահովել:
Նաեւ, «Ռիա Նովոսթի»ն հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնած է, թէ եւրոպական շարք մը երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւններու ներկայացուցիչները այցելած են Դամասկոս՝ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ ապահովական մարզի հարցեր քննարկելու համար: Նախապէս «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» թերթը հաղորդած էր, թէ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Սպանիոյ եւ Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութիւններու աշխատակիցները հանդիպում ունեցած են Սուրիոյ ներկայացուցիչներուն հետ՝ Եւրոպայէն Սուրիա մեկնած ծայրայեղականներու հարցով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.