
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Յունուար 16ին, ուժգին պայթում մը ցնցեց Լիբանանի հիւսիսարեւելքը գտնուող Հերմել քաղաքը, որ մեծամասնութեամբ շիիներով բնակեցուած քաղաք մըն է:
Ըստ նախնական տուեալներու՝ ականուած ինքնաշարժ մը թիրախ դարձուցած է քաղաքապետարանին մօտ գտնուող բանակի անցարգելը:
Հերմելի քաղաքապետ Սոպհի Սաքր յայտնեց, որ Հերմելը թիրախ դարձնող պայթումը բաւական ուժգին եղած է՝ խլելով առնուազն հինգ զոհ ու տասնեակներով վիրաւորներ: Որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ պայթումը անձնասպանական գործողութիւն մըն էր: