ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Թայմ» թերթը, Սունա Էրտեմի ստորագրութեամբ հրատարակեց մեկնաբանութիւն մը, ուր կը պնդուի, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ վարչապետ Էրտողանին դէմ ամէնէն լուրջ սպառնալիքը կը հանդիսանայ։
Կիւլ Անգլիոյ մէջ ուսած է եւ ջղայնոտ վարչապետին դիմաց ունի հաւասարակշռեալ ու պաղարիւն կեցուածքն մը։ Կիւլ եւ Էրտողան տասը տարիէ ի վեր կը գործակցին իրարու հետ, ու այս գործակցութեան ընթացքին Կիւլ խաղացած է «լաւ ոստիկան»ի դերը, իսկ Էրտողան՝ երկիրը խիստ միջոցներով ձեւաւորող «գէշ ոստիկան»ի դերը։ Որքա՛ն ալ ոմանք մտածեն, թէ Թուրքիոյ մէջ եւս Քրեմլինի ձեւով վարչապետն ու նախագահը կրնան իրենց դիրքերը փոխել, յայտնի է, որ վերջերս ճաթռտուքներ գոյանալու սկսած են երկուքին յարաբերութեանց միջեւ։
Էրտողանի կառավարութիւնը շատ խիստ վերաբերում ցոյց տուաւ անցեալ ամառ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն դէմ, իսկ Կիւլ պահեց աւելի հաւասարակշռեալ դիրք։ Կիւլենի հետ ծագած բանավէճին մէջ եւս Կիւլ աւելի պաղարիւն կեցուածք ունի։ Եթէ նախագահ Կիւլ Կիւլենին կողքին կանգնի, ապա ատիկա Էրտողանին դիրքը զգալիօրէն պիտի տկարացնէ։ Էրտողան շատ լաւ գիտէ, որ տարիներու ընկեր Կիւլը իրեն մօտ պէտք է պահէ, եթէ կ՛ուզէ մնալ քաղաքական կեանքին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.