ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ Արցախի շարք մը դասախօսներու նախաձեռնութեամբ, 15 Յունուարին տեղի ունեցած է հանդիպում՝ Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի հետ:
Հանդիպման հիմնական նիւթը երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան հիմնախնդիրներն էին: Քննարկուած են Արցախի երիտասարդութեան ներգրաւուածութեան մակարդակը Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման մէջ, երիտասարդութեան դերը՝ երկրին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման մէջ եւ այլն։
Փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան պատասխանած եւ պարզաբանումներ տուած է դասախօսներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն եւ ներկայացուած մտահոգութիւններուն:
Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.