ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Դեկտեմբեր 27ին, Կլենտէյլի «Հայաստան» Շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ իրենց պատրաստած թատերգութիւնը: Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան եւ քահանայութեան թեկնածու Սեւան սրկ. Փալանճեան ներկայացուցին առաջնորդ սրբազանը: Յայտագիրին սկիզբը փոքրիկները միասնաբար արտասանեցին Տէրունական ա-ղօթքը: Մանկապարտէզի տնօրէնուհին՝ թատերգութիւնը կազմակերպող Քնարիկ Շարամաթեանը, բարի գալուստ մաղթեց ծնողներուն եւ հիւրերուն, ապա տէր հայրը առաջնորդին օրհնութիւններն ու ջերմագին մաղթանքները փոխանցեց փոքրիկներուն, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն:
Աւարտին, Քնարիկ Շարամաթեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր՝ իր հայրական հոգածութեան եւ զօրակցութեան համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.