«Ֆրանս Պլէօ» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ռուսիայէն հայ ընտանիք մը՝ Ռաշիտ եւ Ռուզան Իպուեան եւ իրենց երեք զաւակները (6էն 11 տարեկան), Դեկտեմբեր 30ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Լիմոժի այն պանդոկէն, ուր կը մնային, առաջնորդուած են օդակայան՝ արտաքսուելու համար դէպի Ռուսիա, ուրկէ մեկնած էին 2 տարի առաջ:
Ընտանիքին անդամներուն ա-պաստանեալի երկու դիմումները մերժուած էին եւ անոնք կը սպասէին երրորդին պատասխանը: Միաժամանակ, Իպուեանները կեցութեան արտօնութեան այլ դիմում մըն ալ կատարած էին հիմնուելով ընտանիքին 8ամեայ երախային առողջական խնդիրներուն վրայ: Այս դիմումն ալ մնացած է անպատասխան:
Անոնց փաստաբանը՝ Ժան-Էրիք Մալապրը, դիտել կու տայ, որ նոյնիսկ իրեց ներկայ կացութեան մէջ, եթէ ֆրանսական որեւէ դատարան վճռէ, որ այս վերջին դիմումին հարկ էր ընդառաջել դրական պատասխանով մը, այդ պարագային ընտանիքը կրնայ վերադառնալ Ֆրանսա, այդ ալ զինք արտաքսող նահանգապետարանին կողմէ ճամբորդութեան ծախսերուն ստանձնումով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.