Հայ Օգնութեան Միութեան Քանատայի շրջանային վարչութիւնը ընդառաջելով Քանատայի Շրջանային Պատգամաւորական ժողովի առաջարկին, հալէպահայ փոքրիկներուն ամանորեան նուէր որպէս գումար մը հաւաքեց՝ իր անդամուհիներու նուիրատուութեամբ:
Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը յարմար նկատեց այդ գումարը յատկացնել 6-12 տարեկան հալէպահայ երեխաներուն բաճկոններ կարել տալով ՍՕԽի ընկերաբժշկական կեդրոնի աշխատանոցէն ներս, այսպիսով նուէր գումարը ծառայեցնելով երեք նպատակներու՝ ձմրան ցուրտին տաքուկ բաճկոններ նուիրելով հալէպահայ երեխաներուն, աշխատանք հայթայթելով հայ տիկիններուն աշխատանոցէն ներս եւ թեթեւցնելով վարժարաններուն նիւթական յատկացումները ամանորեայ նուէրներուն: 6 տարբեր գոյներով բաճկոնները նոր տարուան առիթով բաժնուեցան շուրջ 750 երեխաներու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.