ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»ը ներկայացուցած է ձիւնով ծածկուած Անիի լուսանկարներու շարք մը՝ «Հին Հայկական Անի Քաղաքը Ձիւնի Ծածկոցի Տակ» վերնագիրով:
Լուսանկարներուն կից նշուած է, որ Անին «միջնադարեան հայկական թագաւորութեան մայրաքաղաքն է», որ գտնուած է ժամանակակից Հայաստանի եւ արեւելեան Թուրքիոյ տարածքներու մեծ մասին վրայ:
«Անին արեւելեան կողմէ պաշտպանուած է կիրճով մը, որ ձեւաւորուած է Ախուրեան գետին կողմէ, իսկ արեւմտեան կողմէն՝ Պոստանլար կամ Ծաղկոտաձոր հովիտով: Ախուրեանը Արաքսի վտակն է եւ՝ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ սահմանին մէկ մասը», նշուած է լուսանկարներուն կից զետեղուած տեղեկութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.