ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7ի երեկոյեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ժամանեց Սան Ֆրանսիսքօ, հանդիսապետելու համար գաղութի կեանքէն ներս տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, գլխաւորաբար՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 47ամեակի տօնախմբութեան։
Շաբաթ երեկոյեան, առաջնորդը մասնակցեցաւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան ընթրիքին, հիւրընկալութեամբ Ազգ. վարչութեան անդամներէն եւ եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառայողներէն տէր եւ տիկին Սագօ եւ Նորա Շիրիքեան ամոլին։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց միութեան ատենապետուհի Անօ Չագալեան, որ նշեալ տօներուն առիթով բարեմաղթութիւններ կատարեց բոլորին։ Ան նաեւ արտասանեց Մեսրոպ Տէր Մեսրոպեանէն բանաստեղծութիւն մը, ուր հետեւեալ պատգամը կը փոխանցուի. կեանքը ապրիլ այնպէս մը, որ վաղը զղջում չապրինք: Ապա ան հրաւիրեց առաջնորդը՝ կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը։
Սրբազանը ողջունեց տիկնանց միութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ ներկայ է ձեռնարկին։ Բանաստեղծին բառերով՝ ան մաղթեց, որ նոր տարին վերջ տայ հայու ցաւերուն, չարը կորչի ու բարին բոյն դնէ մեր սիրտերուն մէջ։ Ան նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ ծխական համայնքի ծառայողներուն մասին եւ մաղթեց, որ այս երթը շարունակուի դէպի նոր նուաճումներ։
Կիրակի առաւօտուն, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական Ս. պատարագ, զոր մատուցեց առաջնորդը: Ծխական համայնքը, ժողովականութեան ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալները խուռներամ մասնակից եղան արարողութեան։ Նախքան պատարագիչ սրբազանի պատգամը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանը, հոգաբարձութեան ու ծխական համայնքին անունով եւ անձնապէս ողջունեց առաջնորդը՝ նշելով, որ շրջանի ժողովուրդը այսօր կը տօնէ եկեղեցւոյ 47րդ տարեդարձը։
Սրբազանը ողջունեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Ազգ. երեսփոխանական ժողովի ու հոգաբարձութեան անդամները, տիկնանց միութիւնը, դպրաց դասը, Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի եւ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները, որոնք եւս ներկայ էին արարողութեան, նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կը ծառայեն այս եկեղեցւոյ։ Ան շեշտեց, որ եկեղեցւոյ մօտաւորապէս 50 տարիներու ծառայական կեանքին նշումը միայն առիթ չէ գնահատանք ու երախտագիտութիւն արձանագրելու հիմնադիր սերունդին ու անոնց գործը շարունակողներուն, այլ նաեւ ուխտելու, որ երթը պիտի շարունակուի՝ հասնելու համար նոր նուաճումներու։
Նկատի ունենալով, որ հայութիւնը օր մը առաջ նշած էր Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժին տարելիցը, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ անմեղ զոհերու հոգիներուն համար։ Նոյն օրը, առաջնորդին տնօրինումով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւս աղօթք բարձրացուեցաւ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա «Կիլիկիա» մաղթերգով վերջ գտան եկեղեցական արարողութիւնները:
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Գեղարուեստական կարճ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ԳԶՎ Ազգ. վարժարանի աշակերտուհիներէն Դալար Արզումանեանն ու Նայիրի Այանեանը, արտասանելով Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց առաջնորդին՝ մաղթելով անոր քաջառողջութիւն, բեղուն գործունէութիւն եւ յարատեւ կորով: Ան շնորհաւորեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 47ամեայ տարեդարձը՝ խոստանալով 2016 թուականին փառաշուք կերպով տօնախմբել եկեղեցւոյ 50ամեակը:
Հոգեւոր հովիւը խօսք առնելով՝ իր կարգին շնորհաւորեց ու բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց առաջնորդը, որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ:
Սրբազանը դարձեալ շնորհաւորեց համայնքը այդ պատմական օրուան առիթով եւ գնահատեց գաղութի նուիրեալներուն զոհողութեան ոգին, ապա վեր առնելով Յիսուսի պատգամներէն մին՝ ըսաւ. «Ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նոյնիսկ այն, ինչ կը կարծէ թէ ունի…: Սիրելիներ, եթէ ձեր թափած ճիգը բաւարար չէ ներկայ պայմաններուն մէջ յաջողութիւն արձանագրելու հայապահպանման ու ազգապահպանման մարզերուն մէջ, ապա կը նշանակէ, թէ աւելին պէտք է ընէք, որպէսզի մեր համայնքային ու հաւաքական կեանքին մէջ չկորսնցնենք, կամ Քրիստոսի խօսքին համաձայն՝ չառնուի մեզմէ այն, ինչ կը կարծենք թէ ունինք»:
Հաւաքոյթը փակուեցաւ առաջնորդին «Պահպանի»չով, որմէ ետք հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը ժողով մը կատարեցին՝ առաջնորդին նախագահութեամբ, քննելու համար գաղութի հարցերը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.