Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Դրօ» կոմիտէին, տօնուեցաւ ՀՅԴ 123ամեակը եւ Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100ամեակը, Կիրակի 24 Նոյեմբերի երեկոյեան, Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆի Գոլստըն Ճեմարանի «Նալպանտեան» սրահին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով յայտագիրի բացումէն ետք Ցոլեր Ճղըլեան կատարեց բացման խօսքը, որուն յաջորդեց Փանոս Պորղոնզեանի Զաւարեանի կենսագրական գիծերու ներկայացումը:
Յայտագիրին ընթացքին ՀՅԴ պատանեկան միութեան անդամ Ռուբէն Թերզեան ընթերցեց Երուանդ Օտեանի «Տիպար Մարդը» գրութիւնը՝ նուիրուած Ս. Զաւարեանին, ապա խումբ մը պատանիներ խմբերգեցին «Արիւնոտ Դրօշ»ը
Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆի Գոլստըն Ճեմարանի «Նանոր» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ երկու երգերով՝ «Դրոյի Յիշատակին» եւ «Շահումեան», որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Հայկուշ Զէյթունցեան երկու երգերով՝ «Հայաստան Աշխարհ» եւ «Քարերի Ամրոց», իսկ յայտագիրի ընթացքին մերթ ընդ մերթ կը հնչէր Սիամանթոյի Զաւարեանին Նուիր-ուած բանաստեղծութենէն բաժիններ՝ Ազնիւ Ինկիլիզեանի կողմէ:
Հայ Դատի քաղաքական զեկուցումը փոխանցեց Վաչէ Գահրամանեան անդրադարնալով վերջին շաբթուայ կարեւոր իրադարձութիւններուն:
Ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ վերջերս պատրաստուած Սիմոն Զաւարեանի կեանքն ու գործը բնորոշող տեսաերիզ մը:
Օրուան գլխաւոր խօսքն ու պատգամը փոխանցեց Կարօ Քէշիշեանը, որ նշելէ ետք ՀՅԴ օրուան իմաստը, իր խօսքը կեդրոնացուց Սիմոն Զաւարեանի վրայ, ներկայացնելով առաքելատիպ առաջնորդը, փայլուն մտաւորականը, ուսուցիչը, խղճամիտ մարդը, անզուգական ղեկավարը ու ազգային հասարական գործիչը, որ իր անձնական կարողութեամբ ու հմայքով, իր յստակ դրոշմը դրաւ մեր 19-20րդ դարերու պատմութեան վրայ, ինքզինք ստորադասող հայը վերածելով պայքարունակ եւ յստակ դիմագիծի տէր հաւաքականութեան:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ ՀՅԴ քայլերգ՝ «Մշակ Բանուոր»ով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.