
ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 6ին տեղի պիտի ունենայ հայկական ժամանակակից արուեստի գործերու նուիրուած ցուցահանդէս մը, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մշակութային կեդրոնի «Քուճաքեան» սրահին մէջ:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է եկեղեցւոյ հոգաբարձութեանց եւ տիկնանց օժանդակ մարմինին ջանքերով, համագործակցութեամբ Հայաստանի «Արամէ» ցուցադրասրահին: Պիտի ներկայացուին 12 արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները: Անոնք են՝ Արմէն Ատիլխանեան, Տիգրան Պարխանաճեան, Գագիկ Ղազանճեան, Ռուբէն Գրիգորեան, Մարադ Մարգարեան, Տիգրան Մաթուլեան, Արթուր Քէյ., Քարլոս Սայաթեան, Լիլիթ Սողոմոնեան, Կայծ Վանիկեան եւ Մարիամ Ոսկանեան: Ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորներն են տէր եւ տիկին Կրեկ եւ Անի Գէորգեաններ:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ նաեւ Կիրակի, Դեկտեմբեր 15ին, կ.ե. ժամը 1-3: