ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 2ին, ՀԲԸՄի «Հայ Կին» միաւորի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսական իւրայատուկ ձեռնարկ մը, ՀԲԸՄի Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնին մէջ. անոր նիւթն էր Սփիւռքի փոխուող պատկերը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սոնա Զէյթլեան, որ ներկայացուց երկու բանախօսները՝ Թամար Գեւոնեանն ու Պայծիկ Արապեան-Գալայճեանը:
Թամար Գեւոնեան պսակաւոր արուեստից ու մագիստրոսի վկայականները ստացած է յաջորդաբար Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղէն ու «Փեփըրտայն» համալսարանէն, թատերական արուեստի եւ գործարարութեան ճիւղերուն մէջ։ Ան հիմնած է «Մոզայիք» թերթը եւ աշխատակցած է «Երեւան» թերթին։ Անոր յօդուածները լոյս տեսած են «Արմինիըն Ռիփորթըր» եւ «Ասպարէզ» թերթերուն մէջ։ Խօսելով Ամերիկայի մէջ գոյութիւն ունեցող սեռային խտրականութեանց մասին՝ ան դիտել տուաւ, որ հայկական գաղութը չէր կրնար անմաս մնալ տիրող իրականութենէն։ Ապա ան մատնանշեց, թէ կիները կը շարունակեն շատ աւելի նուազ վարձատրութիւն ստանալ այր մարդոցմէ, նոյն աշխատանքին համար, եւ նշեց, թէ կիներուն սովորաբար վիճակուած է ըլլալ ուսուցչուհիներ, հիւանդապահուհիներ եւ դրամատան պարզ պաշտօնեաներ, մինչդեռ այր մարդոց վերապահուած է ըլլալ բժիշկներ, գիտնականներ եւ քաղաքական ընտրեալ պաշտօնատարներ։ Ան շեշտեց, թէ պէտք է ամէն գնով շարունակել պայքարը եղած անարդարութեան դէմ:
Պայծիկ Արապեան-Գալայճեան աւարտած է Պէյրութի Հիւսուսեան հայագիտական հիմնարկը եւ ապա մագիստրոսի վկայականը ստացած է Երեւանի «Հրաչեայ Աճառեան» համալսարանէն։ Ան հայ լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է Պէյրութի Կարմիրեան վարժարանին եւ Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութեան մէջ ու եղած է խմբագիրը Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին եւ ՀԲԸՄի «Խօսնակ» պարբերաթերթին։ Ան այժմ վարիչ քարտուղարն է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան, Պոսթընի մէջ։ Պայծիկ Գալայճեանի հիմնական մտահոգութիւնն էր նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը Սփիւռքի մէջ՝ նկատի ունենալով, որ ներկայիս աւելի հայ կայ Սփիւռքի մէջ, քան Հայաստանի, սակայն հայերէնի գործածութիւնը հետզհետէ կը նուազի արտասահմանի մէջ: Ան ըսաւ, թէ հայերէնը անհրաժեշտ հիմնաքարն է հայկական ինքնութեան գոյատեւման արտասահմանի մէջ: Ապա հետեւեալ յախուռն համոզումով եզրափակեց իր խօսքը. «Հայ ծնիլը պատիւ է, հայ ապրիլը պայքար է, իսկ հայ մեռնիլը՝ յաղթանակ է»։
Հանդիսավար Սոնա Զէյթլեան, եզրափակելով բանախօսութիւնը՝ դիտել տուաւ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայեր իրենց ինքնութիւնը կը կապէին իրենց ծննդավայրին, օրինակ՝ Մուսա Լեռ, Մարաշ, Այնթապ։ Սակայն Ամերիկայի մէջ հայերու 80 տոկոսը կ՛ապրի մեծ քաղաքներու մէջ, եւ դժբախտաբար անոնք ենթակայ են ձուլման՝ այդ հսկայ կաթսային մէջ։ «Բայց երբեք պէտք չէ յուսահատինք», եզրակացուց ան։
«Հայ Կին» միաւորի ատենապետուհի Սոնա Եագուպեան իր փակման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսներուն եւ ներկաներուն՝ կոչ ընելով բոլորին մասնակցելու սուրիահայութեան նպաստելու արշաւին։ Ան տեղեկացուց նաեւ, որ Անթիլիասի տպարանէն շուտով պիտի հրատարակուի Սոնա Զէյթլեանի «Հայ Կնոջ Կեանքի Ուղին» գիրքը։
Եագուպեան ապա հրաւիրեց Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանը, որ կը ներկայացնէր թեմիս առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, կատարելու իր սրտի խօսքը։ Քահանան շեշտը դրաւ հայ եկեղեցւոյ դերին վրայ՝ հայապահպանման մեր սրբազան պայքարին մէջ, եւ ապա կատարելով սեղանի օրհնութիւնը՝ հրաւիրեց բոլորը, որ մասնակցին սիրոյ սեղանին։
Համադամ կերակուրները պատրաստուած էին «Հայ Կին» միաւորի երէց եւ երիտասարդ անդամներուն կողմէ։ Վարձքը կատար բոլորին։
(Քաղուած՝ Գէորգ Քէօշկէրեանի թղթակցութենէն)