
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2013ի առաւօտեան ժամը 10ին, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնին մէջ երեք հայկական կուսակցութիւններու կեդրոնական մարմինները ունեցան միացեալ ժողով մը:
Ժողովին կը մասնակցէին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանի, եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մայք Խարապեանի:
Այս ժողովէն լոյս տեսած է միացեալ հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք կողքի սիւնակով: