
Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Քանատայի համադրիչ մարմինի կազմակերպութեամբ, Դեկտեմբեր 1ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիահայութեան ճգնաժամին նուիրուած ժողովրդային հաւաք: Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց սուրիահայութեան զօրակցելու գործընթացը թափով շարունակելու հրամայականը:
Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Քանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան:
Այս առթիւ պատրաստուած յատուկ տեսաերիզով ներկաները լսեցին Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի զեկոյցը, զոր փոխանցեց Մարիա Գաբրիէլեան:
Իր պատգամը փոխանցեց նաեւ Շահան եպս. Սարգիսեան, որ յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց քանատահայութեան:
Սուրիահայութեան աջակցութեան նուիրահաւաքի այս հանգրուանին, Թորոնթոյի մէջ գոյացաւ 25 հազար տոլար:
Նուիրահաւաքներն ու ժողովրդային հաւաքները պիտի շարունակուին յառաջիկայ ամիսներուն Քանատայի տարբեր հայկական ոստաններու մէջ: