
ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը խոր կսկիծով կը գուժէ երբեմնի իր անդամին եւ ատենապետին՝ Ժիրայր Նայիրիի մահը, որ պատահեցաւ 27 Նոյեմբեր 2013ին, սրտի տագնապի հետեւանքով:
Ողբացեալը իր կեանքին մեծ մասը նուիրած է ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան, ստանձնելով կարեւոր ազգային պաշտօններ: Երկար տարիներ անդամ եղած է կուսակցութեան Լիբանանի Վարիչ մարմինին, ապա՝ Կեդրոնական վարչութեան, եւ 1987-1990՝ նոյն մարմինի ատենապետ:
50 տարիներ եղած է «Արարատ» օրաթերթի խմբագիր եւ ապա՝ խմբագրապետ: Ստանձնած է բազմաթիւ պարտականութիւններ եւ իր տարիներու ծառայութեան ընթացքին սատարած է Սփիւռք-Հայրենիք մերձեցման աշխատանքին, որուն համար ալ պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով:
Ժիրայր Նայիրիի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Շաբաթ, 30 Նոյեմբերին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Անթիլիաս, Լիբանան: