ԵՐԵՒԱՆ.– 2 Դեկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութիւնը խորհրդանշող յուշարձանի բացման պաշտօնական արարողութիւն:
Արձանը, որ կը կոչուի Միասնական խաչ, տեղադրուած է մայրաքաղաքի Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ: Յուշարձանի նոյնատիպը տեղադրուած էր Մոսկուայի կեդրոնը, 1997 թուականին։
Յուշարձանի բացումը կատարած են Հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահները՝ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը եւ Ռուսիոյ երթեւեկի նախարար Մաքսիմ Սոքոլովը։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս ներկայ եղած է բացման արարողութեան, որ նուիրուած էր Ռուսիոյ նախագահին Հայաստան տուած այցելութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.