ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«…Թող մանկանայ քո շուրթերին
Մեր ալեհեր հայոց լեզուն»:
Ս. Կապուտիկեան

Ընթացիկ ու յաճախ կրկնուող խօսք է, որ մեր մեծերը՝ հանճարեղ գրողները, երգահաններն ու արուեստագէտները անմահ են, սակայն երբեմն պէտք ունինք այս խօսքը մարմնաւորող, գործնապէս փաստող արտայայտութիւններու։
Մեծն Կոմիտասի, հանճարեղ Պարոյր Սեւակի, Պապաճանեանի, Սպենդիարեանի, Յարութիւնեանի ու նման անմահներու հոգիները վստահաբար հրճուանքով ներկայ էին «Զիփըր» սրահին մէջ, Կիրակի, 24 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, ուր օրինակելի գործակցութեամբ մը՝ բազմահարիւր հանդիսականներու մատուցուեցաւ մշակութային վայելքի պահ մը, հայութեամբ ու հայկականութեամբ պարուրուած։
Գործակիցներն էին «Լարք» երաժշտանոցն ու CASPS-ը՝ Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ 1994էն ի վեր գործող այն յանձնախումբը, որ կը հոգայ հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներու կարիքները։ «Զիփըր» սրահի բեմին վերեւ խայտացին Կոմիտասի, Սեւակի եւ միւս մեծերուն հոգիները, ի լուր 5էն 17 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու կատարումներուն, որոնք ամէն բանէ առաջ կը կրէին «Լարք»եան բծախնդրութեան ու ազնիւ խստապահանջութեան կնիքը։
Այս սիւնակը չենք արձանագրեր թղթակցութեան մօտեցումով, այլ կ՛ուզենք վեր առնել քանի մը երեւոյթներ, որոնք վստահաբար մեզի նման խռովք պատճառեցին հանդիսականներու հոգիներուն եւ մտածելու առիթ տուին անոնց։
Յայտագիրը կը կրէր «Անլռելի Զանգակատուն» խորագիրը, նուիրուած էր Կոմիտաս Վարդապետին, եւ ապահոված էր ներկայութիւնը Պարոյր Սեւակի, Սպենդիարեանի, Պապաճանեանի ու ժամանակակից հայ երաժշտութեան այլ հանճարներու, որոնք վերապրեցան մեծ մասամբ աշակերտական կատարումներու ճամբով. 5-6էն 17 տարեկան մանուկներ ու պատանիներ բեմ եկան այնպիսի ինքնավստահութեամբ եւ ջութակին ու դաշնակին տիրապետողի մատուցումներով, որոնք վկայութիւն են թէ հայութեան զաւակները իրենց տաղանդներուն մէջ նոյնքա՛ն գերազանց են ու առինքնող, որքան որեւէ ժողովուրդի շնորհալի զաւակները։ Անոնք նաեւ ցոյց տուին, թէ բազմատաղանդ են, այսինքն՝ կրնան ասմունքել ու նուագել նո՛յն յաջողութեամբ, նոյնքա՛ն ազդու կերպով ներգրաւել հանդիսականները։ Փաստօրէն, Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» պօէմայէն ընտրեալ հատուածներու խմբային ասմունքը իւրայատուկ վայելքի պահ մըն էր. իրենց վստահուած բաժիններըը փոխն ի փոխ արտասանող ու զիրար լրացնող աշակերտները համաչափ յաջողութեամբ, լիարժէք ապրումով, անթերի առոգանութեամբ եւ խօսքը հոգիներո՛ւն հասցնող հաղորդականութեամբ ասմունքեցին անսխալօրէն։ Ու երբեք ալ զարմանալի չէր, որ բազմաթիւ հանդիսականներու աչքերը տամուկ էին հոգիներէն բխող ջերմութեամբ։
Երկրորդ բաժինը երաժշտական էր. դաշնամուրն ու ջութակը ճշմարտապէս խօսեցան երաժիշտ աշակերտներուն մատներուն լեզուով։ Ակներեւ էր, որ իւրաքանչիւր բառի ու խազի ետին կը կանգնէր հոգածու ուսուցիչ մը, ղեկավարութեամբ «Լարք»ի անխոնջ «շարժակ» Վաչէ Պարսումեանի։ Հանդիսականներէն ոմանք հաւանաբար նկատեցին, որ իրենց կատարումէն ետք բեմին կողքի սենեակը ուղղուող դեռատի երաժիշտները ինչպիսի՜ խանդաղատանքով ու գուրգուրանքով կը դիմաւորուէին իրենց ուսուցիչներուն կողմէ, կ՛արժանանային անոնց գնահատանքի ողջագուրումին…
Հանդիսականը շուարումի մէջ էր ու չէր կրնար որոշել, թէ մատուցողներէն ո՞րը միւսէն աւելի լաւ կը կատարէր, բնականաբար նկատի առնելով տարիքի տարբերութիւնը, իսկ երէց պատանիներու մատուցումը արդէն կ՛աւետէր, որ անոնք մօտիկ ապագային ծանօթ անուններ պիտի դառնան բեմերու վրայ։
Երաժշտական յայտագիրին կնքումը կատարուեցաւ արհեստավարժօրէն։ «Դիլիջան»ի քառեակը, կազմուած՝ Մովսէս Պօղոսեանէ, Վարդի Մանուէլեանէ, Գարա եւ Էտօ Պօղոսեաններէ, արհեստավարժի մակարդակով ներկայացուց Կոմիտասէն չորս կտոր, հանդիսականին ցոյց տալով, թէ ո՛ւր կը ձգտին հասնիլ «Լարք»ի աշակերտները…
Ձեռնարկը վկայութիւն էր նաեւ այլ ճշմարտութիւններու։ Նախ անիկա կը փաստագրէր, որ մեր գաղութը կրնայ «ստամոքսի մշակոյթ»էն անդին անցնիլ՝ հասութաբեր ձեռնարկներու որոնման ճամբուն վրայ, եւ նախաձեռնել նաեւ հոգինե՛ր լիացնող նման յայտագիրներու։ Տակաւին, «Լարք»ի նման հնոցի մը հետ գործակցութիւնը այլապէս ունէր օրինակելի գիծ մը, որ հայկական արժէքներու ջերմութեամբ ողողեց հայ թէ ոչ հայ հանդիսականը։ Որքան աւելի ցանկալի պիտի ըլլար, եթէ CASPSի «շրջանաւարտները» նկատառելի ներկայութիւն ըլլային այս ձեռնարկին, որովհետեւ երբ իւրաքանչիւր տարեվերջի այս յանձնախումբը հայ շրջանաւարտներ կը պատուէ, անոնց պատգամ կ՛ուղղէ հաղորդակից մնալու հայութեան ու մեր արժէքներուն։
Եւ իրաւամբ՝ հայութեան արժէքներուն հետ հաղորդակցութեան եզակի առիթ մըն էր «Անլռելի Զանգակատուն» յայտագիրը, «Լարք»եան նոր վաւերագիր մը, թէ հայ հանճարները ինչպէ՛ս կ՛ապրին, պէ՛տք է ապրին նորահաս սերունդներուն մէջ, անոնց ընդմէջէն շարունակելով անմահութեան երթը…