ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող դպրոցներու ներկայացուցիչները, հանդիպելով Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներու հետ՝ յայտնած են զիրենք անհանգստացնող շարք մը հարցեր:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը տեղեկացնէ, որ հայկական եւ յունական դպրոցներու տնօրէնները պահանջած են թոյլ տալ իրենց սաներուն՝ դպրոցական աւարտական քննութիւնները կատարել մայրենի լեզուով: Նախարարութեան ներկայացուցիչները ըսած են, որ այս տարի այլեւս ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարել կարելի է, իսկ գալիք տարի հարցը կարելի է քննել:
Տնօրէնները, նշելով, որ դպրոցները դրամական աջակցութեան կարիք ունին՝ պահանջած են դպրոցներուն յատկացնել որոշ գումար մը: Սակայն այս պահանջը նոյնպէս մերժուած է պետութեան ներկայացուցիչին կողմէ:
Ըստ թերթին՝ Պոլսոյ մէջ կան ազգային փոքրամասնութիւններու պատկանող 22 դպրոցներ, որոնց դասաւանդութեանց կը հետեւին 3 հազար հայ եւ մօտաւորապէս 350 յոյն աշակերտներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.