ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ֆրանսական մեծագոյն օդանաւային ընկերութիւնը՝ «Էյր Ֆրանս»ը 2014ի ամրան Փարիզ-Երեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ թռիչքներուն թիւը պիտի հասցնէ շաբաթական 6ի: 21 Նոյեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է «Էքզեքիւթիւ Թրաւըլ» ընկերութեան նախագահ-համասեփականատէր Լեւոն Պաղտասարեանը: ««Էյր Ֆրանս»ը որոշել է Մայիսից սկսած շաբաթական 6 թռիչք կատարել 4ի փոխարէն: Յուլիս-Օգոստոսին «Էյր Ֆրանս»ը չուերթներ կը կատարի ամէն օր», յայտնած է ան՝ կարեւոր նկատելով թռիչքներու թիւի բարձրացումը Հայաստան-Ֆրանսա զբօսաշրջային կապերու ամրապնդման եւ զարգացման առումով:
Բաղդասարեանի համաձայն, այսպիսով հաւանաբար նաեւ տոմսերուն գինը նուազի։
Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենօն փափաք յայտնած է, որ Լեւոն Պաղտասարեան «Էյր Ֆրանս»ը համոզէ ամէնօրեայ թռիչքներ կատարելու ո՛չ միայն Յուլիս-Օգոստոսին, այլ միւս ամիսներուն եւս: Դիւանագէտին համաձայն՝ Հայաստան-Ֆրանսա զբօսաշրջային հոսքերու աշխուժացումը մղած է ֆրանսական օդանաւային ընկերութիւնը՝ թռիչքներու թիւի բարձրացման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.