
ՖԱՈՒԼԸՐ.- Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի ամէնէն հին եկեղեցւոյ՝ Ֆաուլըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ, ծուխը Կիրակի, Նոյեմբեր 10ին ջերմագին բարի գալուստ մաղթեց եւ դիմաւորեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը:
Սրբազանը մատոյց օրուան Ս. պատարագը: Ս. սեղանին սպասարկեցին ծուխի հոգեւոր հովիւ Եղիա Ա. քհնյ. Հայրապետեան, ինչպէս նաեւ Գէորգ Ա. քհնյ. Առաքելեան, Վարդան Ա. քհնյ. Գասպարեան եւ Շահէ Ա. քհնյ. Ալթունեան:
Արարողութեան ընթացքին առաջնորդը դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց Մարք Ճանըթըն Փրայըրի եւ Մարք Սթիվ Սամուլեանի: Ապա, ի սրտէ շնորհաւորեց զիրենք եւ քաջալերեց, որ նոր ոգիով եւ եռանդով շարունակեն իրենց ծառայութիւնը Յիսուս Քրիստոսի:
Իր քարոզին մէջ, սրբազան հայրը շեշտեց հաւատքին կարեւորութիւնը քրիստոնեայի մը կեանքին մէջ: Սրբազանը նաեւ գնահատեց Եղիա Ա. քհնյ. Հայրապետեանի եւ ծխական խորհուրդի սերտ համագործակցութիւնը՝ Քրիստոսի Աւետարանը տարածելու Ֆաուլըրի համայնքին մէջ: Սրբազան հայրը գնահատեց նաեւ արարողութեան մասնակցող հոգեւորականներուն մատուցած ծառայութիւնը Արեւմտեան թեմին:
Այդ օրը պաշտօնապէս նշուեցաւ Եղիա Ա. քհնյ. Հայրապետեանի ձեռնադրութեան 25րդ, Գէորգ Ա. քհնյ. Առաքելեանի եւ Վարդան Ա. քհնյ. Գասպարեանի 40րդ, իսկ Շահէ Ա. քհնյ. Ալթունեանի 65րդ տարեդարձները: Սրբազանը հոգեւորականներուն մաղթեց արեւշատ եւ քաջառողջ տարիներ:
Պատարագի ընթացքին, իր քարոզի աւարտին, առաջնորդը մասնաւորաբար իր խօսքը ուղղեց նաեւ Կիրակնօրեայի աշակերտութեան՝ նշելով, որ իրենց ներկայութեամբ յոյս ու խնդութիւն կը ներշնչեն բոլորին:
Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ «Հունձքի ճաշկերոյթ»: