ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Պապի՛կ, դուն բարեւ կ՛ըսես, թէ ո՛չ պարեւ». ըսաւ հնգամեայ թոռնուհիս՝ Վանան, հայկական վարժարանի առաջին օրուան աւարտէն իր տուն վերադարձին, երբ տակաւին «պաչիկներ» եւ կարօտագին գրկախառնումներ չէինք փոխանակած:
Իմ կարգիս, հակառակ անոր, որ օրերս կապած էի առօրեայ մտահոգութիւններուս, սակայն առաւօտէն սկսեալ, անհամբեր իր վերադարձին կը սպասէի այն նոր ու ինքնածին զգայնութեամբ, որ հին օրերուս գեղեցիկ թարմացումը պիտի վերապրէի:
Անկեղծօրէն, կ՛ուզէի տեսնել, թէ իր դպրոց յաճախելուն իբրեւ արդիւնք, արդեօք իր «ակռաներն ալ ոսկի եղա՞ծ էին», թէ ոչ: Անոր համար էր, որ իրեն կը սպասէի մեծ անձնկութեամբ:
Եւ ահա այս հարցումը, որ զիս մեծապէս զարմանքի կը մատնէր: Ահա քեզի անակնկալ վերապրում:
Անմիջապէս նայեցայ դէմքին: Աչքերուն շարժումները քննեցի: Ժպիտը փորձեցի բացատրել: Գիտէի, որ երեւոյթը գեղեցիկ էր, որովհետեւ Վանան հետս միայն հայերէն կը խօսէր, համարձակ, նոյնքան ալ՝ ազատ:
Սթափեցայ ու ըսի. «Ես բարեւ կ՛ըսեմ»:
«Օքէ՜յ», ըսաւ արագ մը, «ուրեմն դուն իմ խումբէս ես»:
Սկիզբը բան չհասկացայ: Թէեւ տարօրինակ գտած էի այս պատասխանը, սակայն չփորձեցի զայն վերլուծել: Բայց երբ կրկին շեշտեց, թէ ես իր խումբէն էի, ահա այդ վայրկեանին զգաստացայ:
Ի՞նչ խումբի մասին էր խօսքը:
Յիշեցի, որ դպրոցէն ներս, ծնողներու նախընտրութեան համաձայն, նոյն կարգի աշակերտներ կը բաժնուէին երկու խումբերու՝ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի:
Ահա՛, Վանային մատնանշած խումբը: Ինք արեւմտահայ խումբին կը պատկանէր: Ու ի՜նչ ուրախութիւն, ես ալ հիմա, իր իսկ որոշումով, իր խումբին կը պատկանէի:
Ի՜նչ ցնծութիւն, թէ իրեն եւ թէ ինծի համար:
Պապիկ եւ թոռնիկ նոյն խումբին մաս կը կազմէինք: Օ՜հ, ներողութիւն, Վանային համաձայն՝ պապիկն էր, որ մաս կը կազմէր իր խումբին:
Հոգ չէ: Փորձեցի անմիջապէս համբուրել ճակատը, երբ քանի մը քայլ հեռու կենալով՝ շատ համարձակ ըսաւ. «Ինչո՞ւ պապիկ, ինչո՞ւ խումբ կայ: Ես կ՛ուզեմ Էմելիային եւ Րաքսանին մօտ նստիլ. անոր դասարանը…»:
Իր մանուկ միտքը այսչափ կրցած էր արտայայտել: Էմելիան պարսկահայ ծնողքի զաւակ էր, իսկ Րաքսանի ծնողները Երեւանէն էին:
Կասկածը տեղին ըլլալու էր, որովհետեւ ինք եւ իր նմաններն ու տարեկիցները դպրոց կամ այլ տեղ ամէն հանդիպումին, իրարու հետ անգլերէն լեզուով էր, որ կը հաղորդակցէին, կը խօսէին, կը խաղային:
Անգլերէնը նոյնիսկ իրենց այս տարիքին, արդէն տիրապետած ու կլանած էր իրենց մտապաշարն ու լեզուն, բառերն ու խօսակցական միջոցները: Հայերէնը, պապիկին լեզուն էր ու կարծես միայն պապիկին ու նանիին հետ խօսելու համար ստեղծուած էր:
Ինք կ՛ուզէր Էմելիային եւ Րաքսանին դասարանը «նստիլ»: Անոնց քովը: Չէ որ երեքով միշտ միասին կը խաղային: Միասին «փարք» կ՛երթային: Ծնողները միասին «փիքնիք» ալ կ՛ընէին:
Ոչ միայն իրեն, այլ նաեւ ինծի համար ալ հարցը բաւական լուրջ էր:
Վայրկեանին կը կարծէի, որ հայոց պատմութեան ձայնն էր, որ կը լսէի:
Վանան հաւանաբար մինչեւ տուն վերադարձը, երկար մտածած ըլլալու էր այս մասին ու առանց նախաբան մը ընելու մտահոգութիւնը շպրտած էր երեսիս:
Նայեցայ դէմքին: Տակաւին հարցումը անկէ կախուած կը մնար, ու ինձմէ պատասխանի մը կը սպասէր, պատասխան մը, որ գոհացում տար իր այս «մեծ» մտմտուքին:
Կը զգայի, որ իր փոքրիկ ուղեղը հիմա անտէր հայելի մըն էր, անկէ անմեղ պատկերներ կ՛անձրեւէին իր հոգիին մէջ:
Ճերմակ ու բաց թուղթի մը նման նաեւ կը տեսնէի անոր հոգին:
Ի՞նչ պէտք էր, որ պատասխանէի: Շուարած էի:
Բայց ի՞նչ ձեւով բացատրէի: Ըսէի, որ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին ճակատագիրը մեծ դեր ունեցած էր իր կեանքին մէջ: Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ բառերով ներկայացնէի մեր ժողովուրդին այս չնախատեսուած երեւոյթը: Մեր՝ պատմական անարդարութեան եւ քաղաքական ոճիրի արդիւնք կեանքը:
Ինչպէ՞ս պարզէի հայ ըլլալու եւ մանաւանդ հայ մնալու ողբերգութիւնը, այս անմեղ աղջկան:
Իսկ հիմա. «Պապի՛կ, ինչո՞ւ երկու լեզու»:
Կեանքի հեգնանքէն ծնած էր այս հարցումը:
Ինչպէ՞ս բացատրէի, ըսէ՛ք:
Իսկապէս, որ ինծի ալ անժամանակ մշուշ մը պատած էր գիտակցութիւնս ու քրտինք բերած էր ճակտիս:
Կրկին նայեցայ դէմքին:
Մեր աչքերը այս անգամ տարբեր կերպով իրար հանդիպեցան: Իրը՝ անհամբերութեամբ լեցուն էր, իսկ իմս՝ մտահոգութեամբ:
Ինք՝ անհանդարտ էր, ես՝ մտահոգ եւ լուռ:
Ինք նոր ժամանակներու նոր հայութիւնն էր ինծի համար, ու այսօր, դպրոցի առաջին օրուան առաջին իսկ վայրկեանին իր խաղաղ ուղեղի լճակին մէջ ալիք մը ծնած էր, որ կամաց-կամաց մագլցող հետաքրքրութեամբ ու նոյն աստիճանաչափով մագլցող ակնկալութեամբ, վերածուած էր անհանդարտ հովի մը:
Կը մտածէի՝ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ընէի իր միտքին անկիւնը նստած կասկածը փարատել:
Ազգովին հմտութենէ կը տառապինք: Ահաւասիկ, ուրիշ ողբերգութիւն մը, որովհետեւ այս օրերուն ըսուածը պայմանաւորուած է վկայականով:
Վանան անգիտակցաբար, իր իսկ այս հարցումով, մտածումներուս առաջ փռած էր հայ լեզուի ու ինքնութեան հարցը: Աւելին, այս կարճ հարցումը իր հետ բերած էր հայ հողին անփոխարելինէութիւնը, մեր հայ լեզուին ներկայ տագնապը, մտածելու եւ գործելու մեր կարողութիւնն ու պատրաստակամութիւնը եւ վերջապէս՝ ազգային գիտակցութիւնը: Մէկ խօսքով, ազգը ճանչնալու միջոցը: Ահա քեզի տագնապ-մտահոգութիւն մը, մանուկի մը բերնէն անմեղօրէն դուրս նետուած:
Ազգային մեր կեանքին մէջ, արդեօք տակաւին որքա՞ն ատեն պիտի մնայ այս տագնապը: Խոր դժբախտութիւն: