ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն Իտալիոյ Վիչենցա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 10րդ միջազգային դրամագիտական մրցումը (Vicenza Numismatica): Կեդրոնական դրամատան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, թէ հեղինակաւոր մրցումին մասնակցած են մեծ թիւով հանրաճանաչ դրամատուներ՝ ներկայացնելով 2012ին հրապարակուած յուշադրամները: Մրցանակները կը տրուին երկու անուանակարգով՝ «Աշխարհի լաւագոյն մետաղադրամը» եւ «Լաւագոյն մետաղադրամը ճարտարապետական կառոյցի պատկերով»:
Մրցումին մասնակցած «Հայ գիրքի տպագրութեան 500ամեակ» յուշադրամը (Վարդան Վարդանեանի հեղինակութեամբ) արժանացած է առաջին մրցանակին՝ «Աշխարհի լաւագոյն մետաղադրամը» անուանակարգին մէջ:
Միջազգային յանձնաժողովը յատուկ կերպով գնահատած է «Հայ գրքի տպագրութեան 500ամեակ» յուշադրամի երկու երեսներուն համադրութիւնը՝ մէկը ժամանակակից, միւսը դասական ոճի: Յուշադրամի երկու կողմերը խորհրդանշական կերպով կը միաւորեն անցեալն ու ներկան՝ արտացոլացնելով ոչ միայն հայկական առաջին գիրքի՝ «Ուրբաթագիրք»ի տպագրութեան 500ամեակը (տպագրուած է 1512ին Վենետիկի մէջ, Յակոբ Մեղապարտի ջանքերով), այլ նաեւ Հայաստանի ու մայրաքաղաք Երեւանի միջազգային մշակութային դերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.