ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի իր պաշտօնակից՝ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով, յառաջիկայ ամսուան սկիզբը պիտի այցելէ Երեւան։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ հայերու միութեան (ՌՀՄ) նախագահ Արա Աբրահամեանը:
«Ազատութիւն» կայանին համաձայն, Աբրահամեան դիտել տուած է, որ Ռուսիոյ նախագահը 1 կամ 2 Դեկտեմբերին աշխատանքային այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան։
Աբրահամեան նաեւ հաստատած է 1-4 Դեկտեմբերին Երեւանի մէջ հայ-ռուսական գործարար համաժողովի կայացման մտադրութիւնը: Աբրահամեան, որ նաեւ նշանաւոր գործարար է, մաս պիտի կազմէ Փութին այցելութեան նախօրեակին Հայաստան մեկնելիք շուրջ 500 գործարարներու եւ տարբեր մարզերու ղեկավարներու խումբին:
Մոսկուայի կամ Երեւանի մէջ ոչ մէկ պաշտօնական աղբիւր անդրադարձած է նախագահ Փութինի այցելութեան։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան քանի մը անգամ հրաւիրած էր իր պաշտօնակիցը, որուն այցելութեան մտադրութեան մասին թէեւ քանի մը անգամ խօսուած է, սակայն տակաւին չէ կայացած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.