ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանին 31 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ՝ օրինական բարեփոխումներ իրականացնելու համար: Գումարը կը տրամադրուի Համաշխարհային դրամատան արտօնեալ ֆինանսաւորման բաժանմունքին կողմէ: Վարկը պէտք է մարել 2023 2037 թուականներուն:
Համաձայնագիրը առաջին բաղադրիչն է «Զարգացման քաղաքականութեան գործողութիւն» եռաստիճան ծրագիրին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.