ԵՐԵՒԱՆ.– Նոյեմբեր 7ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ մագիստրոսներու եւ տոքթորականի թեկնածուներու հանդիպում՝ Լոս Անճելըսի «Արփա» հիմնարկի տնօրէն Յակոբ Փանոսեանի հետ:
Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժիկ Սրապիոնեանը եւ Բժշկական համալսարանի ուսումնական աշխատանքներու փոխնախագահ Սամուէլ Աւետիսեանը:
Յակոբ Փանոսեան ուսանողներուն եւ երիտասարդ հետազօտողներուն ներկայացուց «Արփա» հիմնարկի «Նորարարութիւն» տարեկան մրցումի կայացման եւ պարգեւատրման կարգը: Մրցանակաբաշխութիւնը, որուն կը մասնակցին Հայաստանի գիտական հաստատութիւններու երիտասարդ գիտնականներ, տոքթորականի թեկնածուներ եւ մագիստրոսներ, արդէն 6րդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի: Մրցանակի կը տիրանան գիտական նորութիւն կամ գիւտ հանդիսացող աշխատանքները՝ ստանալով դրամական պարգեւներ:
Բանախօսին զեկուցումը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց երիտասարդ հետազօտողներուն մօտ, որոնց համար այս մրցումին մասնակցիլը գիտահետազօտական գործունէութիւնը խթանող կարեւոր ազդակ կը հանդիսանայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.