
ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Յունուար 1, 2014էն սկսեալ, Միացեալ Նահանգներու առողջապահական խնամքի աշխարհը զգալի ձեւով պիտի փոխուի «Օպամաքեր» մկրտուած պետական նոր ծրագիրին հետեւանքով:
Այս մասին համայնքին յաւելեալ տեղեկութիւն փոխանցելու նպատակով, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան գործադիր մարմինը կը ներկայացնէ դաստիարակչական սեմինար մը, որ տեղի պիտի ունենայ միութեան «Հրանդ Տինք» սրահը, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ:
Փոփոխութիւնները պիտի լուսաբանէ առողջապահական խնամքի գծով վկայեալ մասնագէտ Վաչէ Գլաւուզ:
Պոլսահայ միութեան կեդրոնի հասցէն է՝ 19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306: