ՀԱԼԷՊ, «Բերիոյ Նիուզ».– «Բերիոյ Նիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հալէպի մէջ տակաւին կը շարունակուին խաղաղ թաղամասերուն վրայ հրասանդի հրթիռներու հարուածները։ Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 6 Նոյեմբերի կէսօրուան ժամերուն Հալէպի Սալիպէ շրջանին մէջ գտնուող Հայ առաքելական Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ տարածքը՝ նախկին առաջնորդարանը, հրասանդի հրթիռի մը թիրախ դարձած է: Բարեբախտաբար մարդկային վնասներ չկան, արձանագրուած են միայն նիւթական վնասներ:
Նշենք, որ վերոյիշեալ շրջանը ենթակայ է հրթիռներու մնայուն հարուածի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.