
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28ի երեկոյեան, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը կազմակերպած էր յատուկ ժողով մը՝ հիմնադրամի 2013ի թելեթոնին վերաբերեալ: Ժողովը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանի յարկին տակ, Կլենտէյլ: Ներկայ էին «Հայաստան» հիմնադրամի պատասխանատուներ, ներկայացուցչական դէմքեր եւ հրաւիրեալներ: Ներկայ էր նաեւ Արցախի փոխվարչապետ՝ զօրավար Արթիւր Աղաբէկեան, որ լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Արցախի նորագոյն զարգացումներուն ու նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ ներքին ու միջազգային գետիներու վրայ տարուող աշխատանքներուն մասին: Փոխվարչապետը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այս տարուան թելեթոնին՝ նշելով, որ հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանը Արցախի հիւսիսային գօտիին կապող Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման: Ան համոզում յայտնեց, որ ինչպէս անցեալին, այս հանգրուանին եւս հայութիւնը ազգային գիտակցութեամբ իր կարելին պիտի ընէ՝ անսալու Արցախի կոչին:
Յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան ներկայ եղաւ սոյն հանդիպումին: