ԵՐԵՒԱՆ.– ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կողմէ փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն՝ Աւստրիոյ ընկերվարական երիտասարդներու հրաւէրով, ՀՅԴ Երիտասարդականի երկու ներկայացուցիչներ՝ Կարապետ Շադոյեան (Աւստրիա) եւ Սերժ Տէր Յակոբեան (Գերմանիա) մասնակցեցան յիշեալ կազմակերպութեան տարեկան համագումարին, որ տեղի ունեցաւ 31 Հոկտեմբերէն 3 Նոյեմբեր, Աւստրիոյ Ֆելթըն քաղաքին մէջ:
Համագումարին մասնակցած են շուրջ 250 երիտասարդներ Աւստրիայէն եւ հրաւիրեալներ Շուէտէն, Հոլանտայէն, Չեխիայէն, Սերպիայէն եւ այլ երկիրներէ:
Համագումարը ընթացք առած է հրաւիրող կազմակերպութեան ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք այլ երկիրներէ մասնակցած պատուիրակութիւնները ելոյթ ունեցած են՝ ներկայացնելով իրենց կազմակերպութիւնն ու մօտեցումները:
ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները իրենց ելոյթին մէջ ներկայացնելով ՀՅԴ Երիտասարդականի նպատակներն ու աշխատանքները, շեշտած են մարդու իրաւունքի տեսանկիւնէն Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման կարեւորութիւնը:
Անդրադառնալով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման ու իր իսկ հողին վրայ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին՝ ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները բացատրած են արցախցի երիտասարդներուն իրավիճակն ու պայմանները եւ նշած, որ անոնք ուրիշ ոչինչ կ՛ուզեն, բացի Եւրոպայի երիտասարդներուն նման խաղաղ ու անվտանգ կեանք ունենալէ, սակայն ատիկա չ՛ըլլար, քանի որ Հայաստանն ու Արցախը շրջափակման մէջ են եւ ամէն վայրկեան պատերազմի վերսկսման վտանգին ենթակայ:
ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները իրենց ելոյթը եզրափակած են հետեւեալ նախադասութեամբ. «Մեր սերնդի պարտականութիւնն է պայքարել, որ ընկերվարական գաղափարների համաձայն աւելի արդար հասարակակարգ հաստատուի աշխարհում»:
Համագումարի ծիրին մէջ տեղի ունեցած են դասախօսութիւններ եւ քննարկումներ՝ ընկերվարութեան, տնտեսութեան, համացանցի, գաղթականութեան, կր-թութեան, ծայրայեղ աջակողմեան շարժումներու եւ այլ նիւթերու մասին:
Տեղի ունեցած են նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչներուն եւ այլ պատուիրակութիւններու միջեւ: Համագումարին մասնակցող երիտասարդներէն ոմանք փափաք յայտնած են այցելելու Հայաստան եւ Արցախ: Անոնք հայկական կողմին առաջարկած են միջազգային երիտասարդական խորհրդաժողով կազմակերպել Հայաստանի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.