
ԵՐԵՒԱՆ.- 28 Հոկտեմբերէն 15 Նոյեմբեր Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը եւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնը կը կազմակերպեն «Երիտասարդների ներուժը» ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ պիտի ցուցադրուին ամերիկեան ժապաւէններ, տեղի պիտի ունենան շարադրութիւններու մրցում, ճատրակի մրցամարտ Հայաստանի ճատրակի վարպետներուն հետ եւ ժապաւէններու պատրաստութեան վարպետութեան դասեր երիտասարդներուն համար: Ծրագիրը ներկայացուեցաւ 28 Հոկտեմբերին ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրնը, ԹՈՒՄՕ կեդրոնի տնօրէն Մերի Լու Փափազեանը, արտադրող/բեմադրիչ Նելսըն Տելամաճիօրէն, արտադրող/բեմադրիչ Քէյթի Տելամաճիօրէն եւ անկախ շարժապատկերի բեմադրիչ Ճէյ Ռոզենպլաթը:
Ժապաւէններու շարքի ցուցադրութեան բացումը կատարուեցաւ «Պրուքլինեան ամրոց» ժապաւէնի ցուցադրմամբ, որ ուշագրաւ ու անհաւատալի իրական պատմութիւն է Նիւ Եորքի Պրուքլին թաղամասի թիւ 318 հիմնական դպրոցին մասին, որ, ի հեճուկս տիրող կարծրատիպերուն, ունի երկրի լաւագոյն երիտասարդական ճատրակի խումբը: Ժապաւէնին մէջ անդրադարձ կատարուած են այն մարտահրաւէրներուն, զորս մանուկները կը դիմագրաւեն անձնական կեանքին մէջ եւ ճատրակի տախտակին դիմաց, կը պատմէ անոնց պարտութիւններու ցաւին ու յաղթանակներու բերկրանքին մասին:
Ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Հայաստանի երեք մեծ քաղաքներուն մէջ՝ Երեւան («Մոսկուա» թատրոն, 28 Հոկտեմբեր), Գիւմրի («Հոկտեմբեր» թատրոն, 31 Հոկտեմբեր) եւ Վանաձոր (1 Նոյեմբեր):
«Երիտասարդների ներուժը» խորագիրով այս ժապաւէններու շարքին մնացած 23 ժապաւէնները պիտի ներկայացուին ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ։ Ծրագիրը ամբողջութեամբ կարելի է դիտել
www.tumo.org/american filmshowcase2013 էջին վրայ:
Ժապաւէններէն զատ, «Երիտասարդների ներուժը» ծրագիրի ծիրին մէջ, Հայաստանի դպրոցականներուն համար կազմակերպուած է շարադրութիւններու մրցում, որուն ընթացքին աշակերտներուն առաջարկուած է պատմել այն ուսուցիչներուն մասին, որոնք կրցած են ոգեշնչել զիրենք: Ստացուած է 3200 շարադրութիւն: Այս նախաձեռնութեան համահովանաւորն է Dasaran.am կայքը: Ժապաւէններու շարքի ցուցադրութեան բացման արարողութեան ընթացքին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն հրապարակեց մրցումին յաղթողներուն անունները:
Միջազգային հռչակ վայելող Ճէյ Ռոզենպլաըը, Քէյթի Տելամաճիօրէն եւ երեք անգամ ԷՄՄԻ մրցանակի առաջադրուած Նելսոն Տելամաճիօրէն խումբ մը երիտասարդներու համար պիտի կազմակերպէ վարպետութեան դասեր ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ։ Շարժապատկերի գործիչները պիտի աշխատին ԹՈՒՄՕի այն սաներուն հետ, որոնք վերջին մէկ տարուան ընթացքին ծանօթացած են բեմագրութիւն գրելու, շարժապատկեր նկարահանելու ու պատրաստելու սկզբունքներուն, որպէսզի կարողանան զիրենք մտահոգող նիւթերով կարճ ժապաւէններ պատրաստել։
Հայաստանի ճատրակի վարպետներ Լեւոն Արոյեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութենէն առաջ ճատրակ կը խաղան խումբ մը տղոց եւ աղջիկներու հետ։