ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ 1 Նոյեմբերին պիտի կայանայ Քրիստափոր Կարա Մուրզայի հայկական առաջին բազմաձայն պատարագի եւ աշխարհիկ խմբերգներու համաշխարհային անդրանիկ ներկայացումը: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն տեղեկացուցած են, որ համերգին պիտի մասնակցի Երեւանի պետական կամերային երգչախումբը, մենակատարներ՝ Սէյրան Աւագեանը, Թամարա Մոսինեանը, Վահագն Վարդազարեանը, Արտակ Մելիքեանը, Սերգէյ Ումրոյեանը:
Այս տարի կ՛ամբողջանայ ականաւոր հայ երաժշտահան, խմբավար, հասարակական գործիչ, երաժիշտ-քննադատ Քրիստափոր Կարա Մուրզայի ծննդեան 160ամեակը: 1885 թուականին՝ հիմնելով քառաձայն երգչախումբ, հայկական երաժշտութեան պատմութեան մէջ ան եղաւ առաջինը, որ հաստատեց բազմաձայն երգեցողութիւնը:
Կարա Մուրզայի հայկական առաջին բազմաձայն պատարագի ձեռագիրները երկար ատեն կորսուած կը նկատուէին, սակայն անոնք գտնուած են Ռ. Մելիքեանի ձեռագիրներու պահեստանոցին մէջ՝ Նիւ Եորք բնակող երաժշտագէտ Գրիգոր Փիթեջեանի շնորհիւ: Հոն գտնուած են նաեւ քանի մը տասնեակ աշխարհիկ խմբերգային մշակումներ, որոնցմէ քանի մը հատը եւս պիտի ներկայացուին կայանալիք համերգին ընթացքին:
Համերգը պիտի կայանայ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնին նախաձեռնութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.