Եւրոպայի Եալթա քաղաքին մէջ 11-13 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Քոնկ Ֆուի ախոյեանութեան մրցումները, որուն ի-րենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մարզիկները։ Սոյն մրցաշարքը կ՛ընդգրկէր «թաուլու», «թայ չի չուան» եւ «սանտա» մարզաձեւերը։ Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 6 երկիրներէ 35 մարզիկներ։
Հայաստանի եւ Արցախի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը բերաւ 9 մարզիկներով, գլխաւորութեամբ աւագ մարզիչ Սարգիս Յարութիւնեանի։ Անոնք խլեցին 5 ոսկիէ եւ 1 արծաթէ մետալներ։ Հայ Սեւ գօտիներու միութեան Արցախի մասնաճիւղի մարզիկներէն Դաւիթ Պետրոսեան եւ Վարդգէս Մանասեան ախոյեաններ հանդիսացան «սանտա» մարզաձեւին մէջ։ Իսկ Դաւիթ Գրիգորեան նուաճեց երկրորդ դիրքը։
Մրցաշարքի հերոսը հանդիսացաւ Հայաստանի Հայ Սեւ գօտիներու միութեան մարզիկներէն Հենրիկ Ազատեան, որ եզրափակիչ մրցումին ջախջախելով Ատրպէյճանի մարզիկը, հանդիսացաւ ախոյեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.