ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Եթէ չափանիշները համեստացնենք, իջեցնենք,
Եթէ հազար ու մէկ պատրուակ, արդարացում՝ իբրեւ անյաղթահարելի խոչընդոտ վկայակոչենք,
Եթէ մեր թերացումներուն համար մեղքը ուրիշ տեղ փնտռելու փորձուած մարտավարութեան դիմել որոշած ենք,
Եթէ ինքնախաբէութեամբ կ՛ուզենք մեզ անհանգստացնող խիղճի ձայնը լռեցնել,
Ապա անարժանութեան խարանին լրիւ արժանի կը դառնանք:
Երէկ կ՛ըսէինք, թէ «Ասպարէզ»ի տարեդարձը պիտի տօնենք ու պատշաճ չէ, որ մթնոլորտը սեւ գոյներով մթնցնենք: Ի վերջոյ, միջազգային չափանիշներով իսկ, 105 տարի թերթի մը շարունակականութիւն ապահովելը պատկառելի յաջողութիւն է: Ուրեմն, իրաւունք իսկ չունինք մթնցնելու: Պարզապէս կ՛ուզենք այս տարեդարձին առթիւ խոստովանիլ, թէ մենք տակաւին շատ ընելիք ունինք (արդէն յայտնի է ադիկա), եւ թէ մեր պարտքը տարուէ տարի կ՛ահագնանայ հանդէպ մեր համայնքին:
Բարոյական պարտքի մասին է խօսքը, անշուշտ: Համայնքը մեզ յարգած է, սնուցած է, պահած է, միշտ տուած, նուիրած ու ամէն անգամ, երբ ծրագիր ներկայացուած է իրեն՝ լայնաբուռ աջակցութիւն ցուցաբերած:
Ուրեմն, ի՞նչն է, որ կը խանգարէ բարձունքներ նուաճելը: Ի՞նչն է, որ կը խանգարէ, որ՝
* Մասնագիտացած թղթակցութիւններով համայնքի ձեռնարկներու որակի բարձրացման նպաստենք.
* Թէժ, հասարակական մեծ հնչեղութիւն ունեցող թեմաներու շուրջ տեղւոյս մտաւորականներու բուռն քննարկումներուն բեմը դառնանք.
* Մշակոյթի (գրականութիւն, արուեստ, ֆիլմարուետ, եւ այլն) գիտութեան, մարմնակրթանքի, զբօսանքի եւ ժամանցի նիւթերու ճոխ այլազանութիւն հրամցնենք այնպիսի ձեւաւորումով, որ հրապուրէ թէ՛ երիտասարդը եւ թէ տարեցը:
Ո՛չ մէկ բան կը խանգարէ…