
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Հալէպի հրատարակչական յանձնախումբին տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 95րդ ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերեն Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբը եւ հալէպահայ երգիչ-երգչուհիներ:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 26 Հոկտեմբերին, ժամը 4ին «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ, Սուլէյմանիէ, Հալէպ: