ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– Հոկտեմբեր 1ին սկսած է Միացեալ Նահանգներ ներգաղթի «Տի.Վի.-2015 (Տայվըրսիթի վիզա՝ բազմազանութեան վիզա կամ Կրին Քարտ) վիճակախաղի մասնակցութեան դիմումներու ընդունումը, որ պիտի աւարտի 2 Նոյեմբերին: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
«Ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան վերաբերող Միացեալ Նահանգներու օրէնքի 203 (գ) յօդուածով կը նախատեսուի ընդունիլ ներգաղթողներու նոր տեսակ, որ ծանօթ է «ներգաղթողներ՝ բազմազանութեան ապահովման համար» անունով: 2015 տարուան համար կը նախատեսուի մնայուն բնակութեան 50,000 վիզա շնորհել», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Նախորդ տարուան ցուցանիշները կը յուշեն, թէ Հայաստանի քանի՛ քաղաքացի կրնայ արժանանալ այս վիզային։ 2013ին մնայուն բնակութեան վիզա շահած է 1174 Հայաստանի քաղաքացի:
2014ի բազմազնութեան վիզայի վիճակախաղը աւարտած է, արդիւնքները յստակացած են, սակայն տակաւին չեն հրապարակուած։ Արտագաղթի 2015ի վիճակախաղին արդիւնքները պիտի հրապարակուին 2014ի Մայիս 31էն մինչեւ 2015ի Յունիս 30:
2010ին դիմում կատարած է 62,051 Հայաստանի քաղաքացի, 2011ին՝ 72,876, 2012ին՝ 92,352, 2013ին՝ 97,679: Ամէն տարի դիմումներուն թիւը կ՛աւելնայ նուազագոյնը 5000ով: Ասիկա միայն մէկ երկրի օրինակ է: Եթէ բոլոր դիմումները ընդունուին, Հայաստանի մէջ գրեթէ մարդ չի մնար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.