ԵՐԵՒԱՆ.– 4 Հոկտեմբերին գումարուած Ազգային ժողովի նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանին հարցուցած են ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանին՝ Գերմանիոյ մէջ դեսպան նշանակուելուն մասին:
Լրագրողները յատկապէս ուզած են գիտնալ, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ անկէ ետք Դաշնակցութիւնը փոխէ իր դիրքորոշումները:
«Այսքան ժամանակ դուք տեսե՞լ էք, որ որեւէ հարցում մեր դիրքորոշումները փոխուեն, տեսե՞լ էք, որ մենք ասենք, թէ իշխանափոխութիւն պէտք չէ մեր երկրում», հաստատած է Աղուան Վարդանեանը:
Ան լրագրողներուն յիշեցուցած է, որ այդ նիւթին շուրջ Վահան Յովհաննիսեան բազմիցս խօսած է, հարցազրոյցներ տուած է, մամլոյ ասուլիս հրաւիրած է:
«Ինձ համար մէկ բան է կարեւոր՝ Վահան Յովհաննիսեանի դեսպան դառնալը կարեւոր երկրներից մէկում օգո՞ւտ է մեր երկրին, թէ՞ ոչ: Համոզուած եմ, որ դուք էլ կողմ կը լինէիք, որ մեր բոլոր դեսպաններն ունենային նրա փորձառութիւնը, կարողութիւնները, առահասարակ, պետական կառավարման համակարգում էլ մարդիկ դարձեալ իրենց յատկութիւններով, աշխարհայեացքով մօտ լինէին պարոն Յովհաննիսեանին: Ի հարկէ, Վահան Յովհաննիսեանի՝ դեսպան նշանակուելուց երկիրը կը շահի», յայտարարած է Ա. Վարդանեան:
Ան անդրադարձած է այն հարցին, թէ այսպիսով արդեօք չի՞ տուժեր Դաշնակցութիւնը: «Կը տուժի՞ Դաշնակցութիւնը: Գուցէ եւ տուժի, բայց կուսակցութիւնն ինքն իր համար չէ, երկրի եւ պետականութեան համար է: Ոչինչ, դրան էլ կը դիմանանք, հանգիստ եղէք», նշած է պատգամաւորը եւ խորհուրդ տուած այս հարցին առումով դուրս գալ պարզամիտ, նախնական մօտեցումներէն:
Աղուան Վարդանեան խօսած է նաեւ կուսակցութեան մշակած արտագաղթի կանխարգիլման ծրագիրին մասին. «Մենք բաւական երկար ժամանակ մշակել ենք այդ ծրագիրը եւ այժմ ինտենսիւ աշխատանք ենք տանում այն կեանքի կոչելու համար: Մենք այն արդէն ներկայացրել ենք բոլոր քաղաքական ուժերին, փորձագէտներին, հասարակական կազմակերպութիւններին», յայտնած է Ա. Վարդանեան՝ ընդգծելով, որ արտագաղթը Հայաստանի դիմաց ծառացած ամէնէն լուրջ մարտահրաւէրներէն մէկն է, եւ իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն՝ զայն կանխարգիլելու համար:
Գէորգ Կոստանեանը գլխաւոր դատախազ նշանակելուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Աղուան Վարդանեան յայտնած է, որ Հայաստանի արդարադատութեան համակարգին մէջ կան լուրջ խնդիրներ, որոնք պէտք է լուծում ստանան միացեալ աշխատանքով։ «Մենք չպէտք է ձեռքներս ծալած նստենք եւ սպասենք փոփոխութիւնների, այլ պէտք է մեր աշխատանքով այնպէս անենք, որ այդ բարեփոխումները իրականանութիւն դառնան: ՀՅԴն գործունէութեան հէնց այդ ուղին է ընտրել»:
Անդրադառնալով ԵԽԽՎի մէջ Զարուհի Փոստանջեանին կողմէ Հայաստանի նախագահին ուղղուած հարցումին՝ Աղուան Վարդանեան յստակեցուցած է, որ այդ հարցը տասներորդական է, պէտք չէ այդքան կեդրոնանալ անոր վրայ՝ նկատի առնելով երկրին մէջ առկայ բազմաթիւ խնդիրները:
Լրագրողները հարցուցած են, որ Դաշնակցութիւնը այս մէկը դատապարտող յայտարարութիւն պիտի հրապարակէ՞. Վարդանեան պատասխանած է. «Չեմ կարծում, որ սա այն հարցն է եւ այն անձը, որ հանդէս գանք յատուկ դատապարտող յայտարարութեամբ: Մենք մեր տեսակէտն ասել ենք, ոչինչ չի փոխուել: Բոլորս Փոստանջեանին ճանաչում ենք՝ թուրք չէ, հայ կին է, չորս երեխաների մայր, բայց շատ իւրօրինակ կին է: Այդ հարցը այդ տեղում տալը ճիշդ չէր, մենք նման բաներ մեզ երբեք թոյլ չենք տուել: Ժամանակին երբ ձերբակալուած էին ՀՅԴի տղաները, միջազգային կառոյցներն այցելում էին նրանց եւ փորձում բողոքներ լսել եւ յետոյ դրանք օգտագործել մեր երկրի դէմ, բայց տղաներն ասում էին, որ սրանք մեր ներքին հարցերն են»:
Ըստ Ազգային ժողովին մէջ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարին, այս հարցին գծով Ժառանգութիւն խմբակցութիւնը ընելիք ունի՝ պէտք է յայտնէ իր տեսակէտը, պարզաբանէ, որ ատիկա Փոստանջեանի՞, թէ խմբակցութեան դիրքորոշումն էր. «Մեր խնդիրները պէտք է այդ կառոյցում բարձրաձայնուեն, բայց այդ բնոյթի հարց, որն ապացուցելի չէ, պէտք չէր տալ, կարելի էր շատ աւելի ծանրակշիռ հարց տալ»:
Վարդանեան դատապարտած է նաեւ այն ՀՀԿականները, որոնք այս օրերուն հայհոյախառն խօսքեր ուղղած են Փոստանջեանի հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.