Սեպտեմբեր 14ի երեկոն աննախընթաց երեկոյ մը հանդիսացաւ Համազգային Մշակութային Ընկերակցութեան Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Սայաթ Նովա» երգչախումբին կազմակերպած հաւաքին ներկայ աւելի քան 150 մշակութասէր հայորդիներուն համար: Անոնք եկած էին իրենց ներկայութեամբ քաջալերելու երիտասարդ պատանի տաղանդները եւ հանգանակութեամբ հովանաւորելու երգչախումբին ապագայ ծրագիրները:
Հաւաքոյթի ճոխ հիւրընկալութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Թոնի եւ Այլին Քէօսէեանները, իրենց դալարագեղ պարտէզի շքեղ մթնոլորտին մէջ՝ ներկաներուն ընծայելով ռոմանթիկ եւ հաճելի երեկոյ մը:
Երգչախումբի պատասխանատու յանձնախումբը լաւագոյնս կազմակերպած էր ձեռնարկը՝ զայն պահելով մշակութային հունի մէջ: Յանձնախումբի ատենապետը՝ Պետրոս Ղազարեան, իր բարի գալուստի խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ երգի ճամբով հայ ժողովուրդին ծառայելու կոչուած այս չորս տարեկան երգչախումբը կը նպատակադրէր պահպանել ու մեր նոր սերունդին ծանօթացնել հայ ժողովուրդի սիրտէն բխած ազգային եւ ժողովրդական երգեր՝ հաւատարիմ մնալով Համազգայինի առաքելութեան: Ան շնորհակալութեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հիւրերը իրենց ներկայութեամբ կը զօրացնեն երգչախումբին հաւատքը իր գործին հանդէպ:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց երգչախումբի խմբավար-դաշնակահարուհի Նորա Ռումեան-Պայրամեանը: Վերջինս մեծ գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ երիտասարդ տաղանդներ քաջալերելու եւ արուեստի ասպարէզ մղելու իր տարիներու երազը կ՛իրականանար այսօր: Ան, իր անձնական փորձառութենէն մղուած՝ շեշտեց, որ երիտասարդ տաղանդներ քաջալերելը եւ նիւթապէս ու բարոյապէս անոնց օժանդակելը, նպատակ պէտք է դառնայ մշակութասէր մարմիններուն եւ հասարակութեան: Ապա ան առանձին-առանձին ներկայացուց պատանի արուեստագէտները եւ բեմ հրաւիրեց զանոնք: Անոնք իրենց գրաւիչ եւ սքանչելի ելոյթներով դիւթեցին ներկաները ու լուսնի լոյսին տակ, բացօթեայ գեղեցիկ պարտէզներուն մէջ, զանոնք փոխադրեցին երաժշտական կախարդական ոլորտներ:
Կարգով բեմ բարձրացան կատարողները: Նախ ելոյթ ունեցաւ ջութակահար ու Ֆերահեան վարժարանի 12 տարեկան աշակերտ Նանօր Սէրայտարեան, որ ջութակի լարերուն տուաւ ինքնատիպ ոգի՝ Կոմիտասի «Կռունկ»ին եւ Մոնթիի «Չարտաշին»ին ընդմէջէն: Ապա, դարձեալ Ֆերահեան վարժարանէն, 13 տարեկան Ռընէ Մելքոնեանը «Բարի Արագիլ» եւ Les Miserables-ի «On My Own» երգերով ու գեղեցիկ ձայնով գրաւեց ներկաները: Շամլեան վարժարանի աշակերտ, 14 տարեկան Օշին Մանուկեանը մեկնաբանեց Ալեքսանտր Յարութիւնեանի նեանի Exprompt-ը եւ Saint-Saens-ի Allegro Appassionato-ն, ու իր բացառիկ տաղանդով թաւ ջութակը ապրումի վերածեց:
Բոլոր նուագողներուն դաշնակով ընկերացաւ Նորա Պայրամեանը: Ե-րիտասարդ արուեստագէտները, յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած գնահատական նուէրներ ստացան երգչախումբի խմբավարուհիէն:
Ձեռնարկի պաշտօնական յայտագիրի աւարտին երեկոն խանդավառեց օրուան հիւրընկալը՝ Թոնի Քէօսէեանը, իր երգերով եւ կատակներով, ինչպէս նաեւ՝ երիտասարդ արուեստագիտուհի Լենա Թիւֆէնքճեանը, իր դաշնակով եւ երգերով:
Ներկաները ուշ գիշերին բաժնուեցան երեկոյթէն, գնահատական խօսքերով եւ գոհունակ տրամադրութեամբ:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ