
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 Հոկտեմբերին մասնակցած է Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած «Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարը. Գիւլիստանից մինչեւ մեր օրերը» միջազգային գիտաժողովին:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուական գլխաւոր վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է նման միջազգային գիտական նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը՝ Արցախեան հիմնախնդիրը խորութեամբ հասկնալու, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները համակողմանիօրէն դիտարկելու եւ հաւանական զարգացումները աւելի ճշգրիտ կերպով կանխատեսելու իմաստով:
Նախագահին բնութագրումով, հայ ժողովուրդին ազատ եւ ինքնիշխան ապրելու, ազգային պետականութիւնը վերականգնելու ձգտումը համաշխարհային պատմութեան մէջ ամէնէն երկարատեւ ազգային-ազատագրական պայքարներէն է, որուն ընթացքին մէկ բան մնացած է անփոփոխ՝ «մեր ռազմավարական գերնպատակը՝ ազատ, ինքնիշխան եւ ազգային հզօր պետականութեան վերականգնումը եւ նրա շարունակական զարգացումն ու ամրապնդումը»:
Անդրադառնալով Արցախի պետականաշինութեան ներկայ հանգրուանին՝ նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ ետդարձի ճամբայ չկայ: «Արցախի անկախութիւնը եւ անվտանգութիւնը բացառիկ արժէքներ են, որոնք ենթակայ չեն որեւէ սակարկութեան», հաստատած է ան։