ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի հոգան սուրիահայ ուսանողներուն 2013-2014 տարեշրջանի ուսման թոշակները՝ իւրաքանչիւրը մինչեւ 1/3ի չափով: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն։
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական իրադարձութիւններուն պատճառով Հայաստան եկած սուրիահայերուն աջակցութեան ծրագիրներու ծիրին մէջ Հայաստան Սփիւռքի նախարարութիւնը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը եւ Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութիւնը միացեալ յայտարարութիւն մը տարածած են այս մասին՝ նշելով, «Հայաստանի բարձրագոյն եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններում սովորող սիրիահայ ուսանողների 2013-2014 ուսումնական տարուայ վարձավճարների փոխհատուցման ծրագրի մեկնարկը»:
Ծրագիրի գործադրութեան նպատակով կազմուած է միացեալ յանձնախումբ՝ սփիւռքի նախարարութեան, ՀԲԸՄի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ու «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»ի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Յանձնախումբը արդէն սկսած է սուրիահայ ուսանողներուն դիմումնագիրերու ուսումնասիրման աշխատանքներուն: Յանձնախումբը պիտի գործէ ՀԲԸՄի Հայաստանի կեդրոնին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.