
ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Կիրակի, Սեպտեմբեր 29ին, կ.ե. ժամը 4էն 6ի միջեւ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Քերքոֆ» շէնքի «Կերնտ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ վաղամեռիկ Կարինէ Կարէն Լափոյեանի (1988-2012) յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը:
Հաւաքին ընթացքին պիտի յայտարարուի Կարինէ Լափոյեանի յիշատակին հաստատուած կրթանպաստը ստացողին անունը:
Անոնք, որոնք կը փափաքին Կարինէ Լափոյեանի յիշատակին նուիրատուութիւն կատարել «Ewings Sarcoma» անունով ծանօթ քաղցկեղի բուժման համար ուսումնասիրութիւն կատարող հիմնարկին, կրնան այցելել esarcoma.com կայքը:
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել Esarcoma@gmail.com հասցէին: