
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սփիւռքահայերու կողմէ ստեղծուած «Տիճիթըլ Փոմըկրանէթ» նորարարական ընկերութեան նոր ծրագիրի շնորհիւ Գիւմրիի մէջ երկու տարուան ընթացքին պիտի լուծուի շուրջ 200 աշխատատեղերու խնդիր: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է նորարարական ընկերութեան հիմնադիրներէն Թոտ Ֆապաքերը: «Ընկերութիւնը, որ պիտի զբաղի Հայաստանի մէջ փոքր առեւտուրի խթանումով, պիտի լուծէ բազմաթիւ խնդիրներ: Մենք, համագործակցելով տարբեր փոքր առեւտուրներու հետ, պիտի ստեղծենք անոնց համար կայքեր, որոնք շատ արագ պիտի թարմացուին եւ աւելի շատ տեղեկութիւն պիտի տրամադրեն քաղաքացիներուն: Եթէ օրինակ, հագուստի խանութը նոր տեսականի կը ստանայ, մենք կրնանք այդ տեսականին նկարել, տեղադրել կայքին վրայ եւ արձանագրել նաեւ գիները: Այդ աշխատանքը իրականացնելու համար խանութի ղեկավարութիւնը պէտք է ունենայ առանձին աշխատող, որ այդ աշխատանքները պիտի կատարէ 1000 տոլարէն սկսեալ, իսկ մենք այդ ծառայութիւնը կը մատուցենք աւելի մատչելի գիներով», յայտնած է Ֆապաքերը՝ աւելցնելով, որ երկու տարուան ընթացքին ընկերութիւնը աշխատատեղերուն թիւը պիտի հասցնէ 200ի. աշխատավարձը պիտի սկսի 600 տոլարին համարժէք դրամէն:
Ան վստահեցուցած է, որ պիտի մատուցեն այնպիսի ծառայութիւններ, որոնք տակաւին չկան Հայաստանի մէջ: Օրինակ՝ վարսայարդարին այցելելու համար կարիք չ՛ըլլար հեռաձայնելու եւ ժամադրութիւն առնելու, այլ կայքին ճամբով կարելի է ճշդել, թէ ո՛ր ժամերը ազատ են եւ այդ ժամը որդեգրել։
Ընկերութիւնը Գիւմրիի մէջ հիմնադրելը նպատակ ունի: Հիմնադիրը նմանատիպ աշխատանք ստեղծած է Նիւ Օրլիընզ քաղաքին մէջ, ուր եւս աղէտի պատճառով բազմաթիւ մարդիկ մահացած են: «Ես 25 տարի զբաղած եմ ծրագրաւորմամբ: Նկատած եմ, որ մարդիկ ստեղծագործական ծրագիրներով հետաքրքրուած են: Իսկ Հայաստանի մէջ, մանաւանդ Գիւմրիի, այդ կարողականութիւնը շատ աւելի մեծ է», նշած է հիմնադիրը:
«Տիճիթըլ Փոմըկրանէթ» նորարարական ընկերութիւնը համագործակցութեան եզրեր կը փնտռէ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան հետ, իսկ արտասահմանի մէջ անոնք տակաւին ընելիք չունին, սակայն կը նախապատրաստուին ապագային համագործակցութեան սկսելու՝ փորձառութեան եւ ծրագիրներու փոխանակման համար: