Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21ին, Արլինկթընի (Մեսեչուսեց) Հայ մշակութային հիմնարկութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Պոսթընաբնակ բանաստեղծ Աւիկ Տէրենցի (Տէյիրմենճեան) «Խաչարձան» բանաստեղծական հատորի գինեձօնը:
144 էջերէ բաղկացած սոյն գործը կ՛ընդգրկէ քառեակներ, նաեւ արձակ ու չափածոյ խորհրդածութիւններ:
ՀՀ անկախութեան 22ամեակի օրուան կը զուգադիպէր այս ձեռնարկը, զոր կը հովանաւորէր Պոսթընի հայկական անկախ ձայնասփիւռի կայանը:
Այս առթիւ, ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Հայկական անկախ ձայնասփիւռի ատենապետ Կարպիս Զէրտէլեան, որ յայտնեց թէ աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր այս կայանը կը հանդիսանայ կապը տեղւոյն գաղութին: Աւելի քան 150 ներկաներ ժամանած էին կեդրոն, որ իր կառոյցով իսկ արդէն կը ստեղծէ իւրայատուկ մշակութային եւ գրական մթնոլորտ:
Օրուան հանդիսավարն էր Արլինկթընի Հայ մշակութային հիմնարկութեան տնօրէն Արա Ղազարեանց, որ իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց եւ յայտնեց, թէ հակառակ ներկայ արդի ապրելաձեւին, կարդալու եւ նմանօրինակ ձեռնարկներ կազմակերպելու գաղափարը կը շարունակուի:
Օրուան բանախօսն էր ազգային գործիչ եւ տարիներ շարունակ խմբագիրի պաշտօն ստանձնած Խաժակ Մկրտիչեան, որ յայտնեց, թէ Աւիկ Տէրենց այս գիրքով կը ներկայացնէ կարճ ու խտացուած քառեակներ եւ խորհրդածութիւններ, իբրեւ կիզակէտ ունենալով հայրենի հողն ու կրօնական հաւատքը: Ան բազմիցս մէջբերելով Աւիկի գործերէն տողեր, ներկայացուց բանաստեղծին խոր ապրումները եւ ամրօրէն հայրենիքին ու հայութեան կապուելու մարմաջը: Այս գծով, Աւիկ Տէրենց կը գրէ.
Ազգիս յոյսով տառապեմ՝
Երջանկութիւն կը կոչեմ,
Հողիս համար թէ զոհուեմ՝
Անմահութիւն կը կոչեմ:
Ձեռնարկի յաջորդ մասը տրամադրուած էր գեղարուեստական ծրագիրին: Այս առթիւ Եղիշէ Մանուչարեան եւ իր կողակիցը՝ Վիքթորիա Աւետիսեանը, ներկայացուցին հայաստանեան երգեր՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիլիթ Շուգարեանի, որ, իր կարգին՝ առանձինն ներկայացուց քանի մը գործեր:
Ապա խօսքը տրուեցաւ Հայաստանէն յատուկ ժամանած ասմունքող Սիլվա Եուզպաշեանին, որ յայտնեց, թէ քառեակներ պատրաստելը շատ աւելի դժուար է, քան երկար բանստեղծութիւն մը աւարտելը, նկատի ունենալով որ ազդեցիկ բառեր պէտք է գործածուին եւ յատկապէս աւարտը պէտք է ընդգրկէ բոլոր գաղափարներն ու եզրակացութիւնը: Այս առթիւ ան հմտօրէն արտասանեց քանի մը քառեակներ եւ խորհրդածութիւններ, նաեւ վրացերէնի թարգմանուած բանաստեղծութիւններ: Աւարտին, ՀՀ անկախութեան տօնին առթիւ, Եուզպաշեան տպա-ւորիչ ելոյթով մը արտասանեց Ուիլիըմ Սարոյեանի փունջ մը հայերէնի թարգմանուած անոր խօսքերէն:
Խօսք առաւ Ուաթըրթաունի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելի Աւետիս Պոյնէրեան: Ան նշեց, որ Տէրենցի այս գործը իրեն համար շատ հարազատ է, մանաւանդ որ այնտեղ հաւատքի եւ քրիստոնէութեան մասին է, որ կը խօսի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօն եւ ապա՝ հիւրասիրութիւն: