
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ 18 Սեպտեմբերին սկսած է «Կաթուածի բուժումը» գիտաժողովը, որուն նպատակն է միջազգային առաջնակարգ փորձառութեան ներդրումով Հայաստանի մէջ կիրարկել ուղեղի բոլոր անօթային հիւանդութիւններու բուժման ժամանակակից մեթոտները:
Ողջունելով գիտաժողովի մասնակիցները առողջապահութեան նախարար, փրոֆ. Դերենիկ Դումանեան ընդգծած է. «Այս գիտաժողովն առաջին հերթին կարեւորւում է հէնց նրանով, որ թեւակոխում ենք մի նոր փուլ՝ նպատակ ունենալով միջազգային առաջատար փորձի ներդրումով Հայաստանում ստեղծել գլխուղեղի բոլոր անօթային հիւանդութիւնների մասնագիտացուած տարածաշրջանային կենտրոն, որը կարող է սպասարկել ինչպէս Հայաստանի, այնպէս էլ հարեւան երկրների ազգաբնակչութեանը»։ Ան աւելցուցած է, որ այս ոչ դիւրին ուղին յաղթահարելու աշխատանքին կրկին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած են միջազգային ճանաչում ունեցող, ներկայիս Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի առաջնակարգ բժշկական հաստատութիւններուն մէջ աշխատող Հայաստանի գործընկերները:
Նախարարը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ գիտաժողովը լուրջ խթան պիտի հանդիսանայ ուղեղի կաթուածներու բուժման վերաբերող ժամանակակից նորամուծութիւնները եւ գիտական նուաճումները Հայաստանի մէջ կիրարկելու, ինչպէս նաեւ մասնագէտներ վերապատրաստելու: