
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Միջցամաքամասային խմբապետներու վերաորակաւորման եւ Վկայեալ կարգի միացեալ դասընթացքի փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 29 Օգոստոսին, Թորոնթոյի Սենթ Քաթրինզ շրջանի սկաուտական բանակատեղիին մէջ։
Դրօշակի արարողութենէն առաջ Կեդրոնական վարչութեան սկա-ուտական ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեան, որ ներկայ էր դասընթացքի լրիւ տեւողութեան, խօսք առնելով առաջին հերթին անդրադարձաւ փոխադարձ այն ակնկալութիւններուն, որոնք ընդհանրապէս նախատրամադրութեամբ մը կը մէկտեղեն կազմակերպողներն ու դասընթացքի մասնակցողները։ Գապասագալեան կարեւորութեամբ ընդգծեց շրջաններու պատասխանատու մարմիններու ակնկալութիւնը այս դասընթացքէն։ Հետեւաբար խմբապետներուն թելադրեց գործել յանձնառու գիտակցութեամբ իրենց վստահուած պատասխանատուութեանց մարզերուն մէջ, յիշեցնելով որ դասընթացքը պիտի արժեւորուի այն ատեն, երբ իրենց ստացած գիտելիքները լաւագոյն ձեւով փոխանցեն ու կիրարկեն իրենց սկաուտական գործունէութեան ընթացքին։
Կ. Գապասագալեան անդրադառնելով մասնակցողներու ներգործօն դերակատարութեան, բարձրօրէն գնահատեց անոնց լրջութիւնն ու ամբողջական գործակցութիւնը՝ գիտելիքներու նիւթերու պատրաստութեամբ ու ներկայացումով։
Ան իր վիզի սկաուտական փողկապը քակելով, զետեղեց սեղանին վրայ եւ խմբապետներուն առաջարկեց իրենց ստորագրութեամբ մտովի վերանորոգել իրենց սկաուտական խոստումը եւ որպէս խմբապետներ խոստանալ՝ գործել ՀՄԸՄի սկաուտութեան նպատակին թելադրութեամբ, գործել ինքնավստահ ու անվհատ, գործել ՀՄԸՄի դրոշմին՝ «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր»ին վայել։
Կարպիս Գապասագալեան իր խօսքի աւարտին ջերմօրէն գնահատեց Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբի անդամները, որոնք ապահովեր էին դասընթացքի յաջողութիւնը շնորհիւ իրենց անվերապահ գործակցութեան եւ անձնուիրութեան, ինչպէս նաեւ մասնակցող շրջաններու վարչութիւններն ու պատասխանատու կազմերը, որոնք ոչինչ խնայեր էին դասընթացքի մասնակցութեան համար։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Գանատայի Շրջանային վարչութեան ի մասնաւորի Թորոնթոյի եւ Գեմպրիճի մասնաճիւղերուն, որոնք իրենց բացառիկ հիւրընկալութեամբ սատար հանդիսացան դասընթացքի յաջողութեան։
Փակման արարողութիւնը վերջ գտաւ յուշանուէրներու փոխանակումով. դրօշակները վար բերուեցան դանդաղ ընթացքով. բոլորին աչքերը մնացին անշարժ անոնց վրայ փորձելով կասեցնել բաժանման պահը, ապա յուզումնախառն ձեռք-ձեռքի շղթայուած միաբերան երգեցին «Ցտեսութեան» երգը եւ հրաժեշտ առին իրարմէ։