
ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութիւնը պէտք չէ ինքնանպատակ ըլլայ. Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13ին յայտնած է Հայաստան այցելող Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մահմուտ Մամետկուլիեւ: Ան Երեւան կը գտնուի Եւրոմիութեան «Արեւելեան գործընկերութեան» ոչ պաշտօնական երկխօսութեանց համար:
«Երկխօսութիւն եղած է, սակայն այժմ կասեցուած է: Ինչ կը վերաբերի ուղիղ երկխօսութեան՝ ապա այդ մէկը կախեալ է նախապատրաստութիւններէն: Լո՛ւրջ նախապատրաստութիւն հարկաւոր է՝ լո՛ւրջ հարցերու եւ երկխօսութեան համար: Երկխօսութիւնը պէտք չէ ըլլայ հանդիպում՝ յանուն հանդումի: Պէտք է լուրջ եզրակացութիւններով քննարկումներ կատարուին եւ այս բոլորը նախագահներէն կախեալ է», ընդգծած է փոխնախարարը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի իր պաշտօնակիցին յղուած Միացեալ Նահանգներու նախագահի նամակին մէջ, որ փոխանցուած էր ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահին միջոցով, Պարաք Օպամա Սերժ Սարգսեանին կոչ ըրած էր օգտուելու յաջորդ ամսուան ընթացքին Ատրպէյճանի ուղիղ երկխօսութեան հնարաւորութենէն, ինչպէս նաեւ՝ վստահելու համանախագահներու փորձառութեան: Նման նամակ մը փոխանցուած էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: