ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անիի մէջ նոր պեղումներ սկսած են Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ: Մօտաւորապէս 55,000 տոլար գումարով ծրագիր մը պեղումներ պիտի կատարէ 45 օրերու ընթացքին։ Նահանգի մշակոյթի տնօրէն Հաքան Տողանայ «Անատոլու»ի թղթակիցին հաղորդած է, թէ Անիի մէջ ցարդ կատարուած են չորս կարեւոր պեղումներ, որոնցմէ վերջինը՝ 2010ին:
«Այն քառասուն տարիներուն ընթացքին, երբ Կարսը գրաւուած էր ռուսերու կողմէ, ռուսերը 14 պեղումներ ըրած էին Անիի մէջ, ապա յայտնաբերուած պատմական իրեղէնները Մոսկուա տարած էին», ըսած է ան եւ աւելցուցած, թէ իրենք Անիի աւերակները կը նկատեն սառնակոյտ մը, որուն միայն ծովուն վրայի մասը տեսանելի է։
Տողանայ ընդունած է, որ նման սահմանափակ պեղումներով կարելի չէ յայտնաբերել ամբողջ Անին։ «Թէեւ մանր-մունր աշխատանքներ կը կատարուին, այդ գործերուն տրամադրուող գումարը շատ փոքր է եւ այս կշռոյթով, նոյնիսկ յիսուն տարուայ մէջ, չենք կրնար ոտքի հանել Անին», եզրակացուցած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.