ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ 29 Օգոստոսին տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած՝ Մայր աթոռի միջոցառումները նախապատրաստող յանձնախումբի ժողով, յանձնախումբի ատենապետ, Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ:
Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն դիտել տուած են, որ ժողովի ընթացքին քննարկուած եւ յստակացած են Մայր աթոռին կողմէ ծրագրուած միջոցառումները եւ անոնց կազմակերպման ժամանակացոյցը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովին հետ իրականացուելիք աշխատանքները:
Ժողովին մասնակցած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.