
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ատրպէյճանի մէջ գերեվարուած Հայաստանի քաղաքացի, զինուորական ծառայող Յակոբ Ինջիղուլեանի խնդիրով Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս դիմած է Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ, Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէին՝ հայ զինուորին ազատ արձակման եւ անոր հայրենիք վերադարձին համար քայլերու ձեռնարկելու։ Այս մասին «Դիմատետր»ի իր էջին վրայ գրած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն Վահրամ քահանայ Մելիքեանը:
Ան նշած է, որ այլ գրութեամբ մը վեհափառ հայրապետը այս գծով դիմած է նաեւ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլ Ա.ի՝ այս հարցով Ատրպէյճանի իշխանութեան մօտ միջնորդութիւն կատարելու խնդրանքով։