ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Այս ամրան, ՀԵԴի շաբաթական ճամբարներու հարիւրաւոր մասնակիցները առիթն ունեցան մասնակցելու ժողովրդավարական հարցերու նուիրուած հետաքրքրական քննարկումներու, որոնք նախաձեռնուած էին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ:
Կեթիզպըրկի մէջ նախագահ Լինքընի կողմէ արտասանուած պատմական ճառին վերջին տողերուն մէջ անմահացած «Ժողովուրդէն՝ ժողովուրդին կազմած ու ժողովուրդին համար կառավարութիւնը» խօսքը քննարկումներուն կեդրոնական նիւթն էր, որպէսզի աւելի քան 500 բանակողները հասկնան ժողովրդավար կառավարման արժէքը, նման կառավարութիւն մը գոյացնելու ու պահպանելու դժուարութիւններն ու անոր դրական կողմերը: Շեշտուեցաւ նաեւ ազատ մամուլ եւ լրատուամիջոցներ ունենալու կարեւորութիւնը ժողովրդավար կարգեր հաստատելու աշխատանքին մէջ:
Քաղաքական կեանքին մէջ ամերիկահայութեան գործօն մասնակցութեան կարեւորութիւնը շեշտելով՝ քննարկումներուն կողքին կազմակերպուած էին նաեւ «քոնկրեսական ընտրութիւններ», առիթ ընծայելով բանակողներուն, որ աւելի մօտէն ծանօթանան ընտրապայքարներու ծալքերուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան կը յայտնէ, թէ ՀԵԴ ճամբարներու մասնակիցները յստակօրէն տեսած են, թէ Հայ Դատի պայքարին մէջ որքա՛ն կարեւոր է քաղաքական կեանքին մէջ հայութեան մասնակցութեան ապահովումը:
Վերոյիշեալ «քոնկրեսական ընտրութիւններ»ուն ընթացքին, իւրաքանչիւր բանակող ստացած էր քուէ մը գործածելու իրաւունք. ընտրութեանց կը մասնակցէին երեք քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Իւրաքանչիւր քաղաքական կուսակցութիւն նախ ներքին խորհրդակցութիւններու ճամբով ընտրած է թեկնածու մը, ինչպէս նաեւ յստակացուցած առողջապահութեան, կենսոլորտի եւ քաղաքական շարք մը հարցերու, ներառեալ՝ Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ քաղաքականութեանց դիրքորոշումները: Այլ բանակողներ ստանձնած են լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու դերերը՝ իրենց սուր հարցումներով թեկնածուներուն դիրքորոշումները յստակացնել փորձելով: Տեղի ունեցած են նաեւ հետապնդումներ՝ քուէարկողներու իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով: Աւարտին, իւրաքանչիւր կուսակցութեան ներկայացուցիչ իր դիրքերը ներկայացուցած է բոլոր բանակողներուն, ապա կայացած են ընտրութիւնները, որոնցմէ քանի մը հատը վճռուած են միայն մէկ կամ երկու քուէի տարբերութեամբ՝ ցոյց տալով, թէ իւրաքանչիւր քուէարկողի ձայնը կարեւոր է:
ՀԵԴ ճամբարի վարչութեան անդամ Անիա Յակոբեան յոյժ կարեւոր նկատած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի սոյն նախաձեռնութիւնը, որ քանի մը տարի առաջ սկսած էր գործադրուելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.