ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Դաւիթ Սարգսեան 7 Օգոստոսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Քարէն Հիլըրտի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տնտեսական հարցերով հայ-ամերիկեան միջկառավարական յանձնաժողովին աշնան Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք նիստի նախապատրաստական աշխատանքները՝ կայացման ժամկէտն ու նիստի օրակարգի ձեւաւորման հարցը:
Նախնական համաձայնութեամբ, հայ-ամերիկեան միջկառավարական յանձնաժողովի տարեկան նիստը այս տարի պիտի գումարուի Հոկտեմբեր 10ին: Մինչ այդ, հայկական եւ ամերիկեան կողմերը պիտի ճշդեն քննարկումներու օրակարգը՝ ընդգրկելով փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր ու առաջարկներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.